Ֆրանսական դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակի անդամ երկիրներուն դեսպանները` Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսըն, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի, Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա եւ Քաթարի դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի, ունեցած են հանդիպում մը, որուն ընթացքին շեշտած են նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու իմաստով օժանդակելու իրենց յանձնառութիւնը:
Ֆրանսական դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկային առնուելիք քայլերը: