Պըրրի Ընդունեց Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները` իսրայէլեան բռնարարքներուն լոյսին տակ: Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ: Պու Հապիպ Պըրրիին ներկայացուց Միւնիխի ապահովական խորհրդաժողովին մասնակցութեան եւ այդ շրջագիծին մէջ ունեցած...




















