Իսրայէլեան բանակը երէկ շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանը: Մաժտալ Զունի Մանսուրի գիւղաքաղաքի ռմբակոծումներուն զոհ գացին երկու քաղաքայիններ. կին մը` Խատիժա Սալման եւ հնգամեայ երեխայ մը` Ամալ Հիւսէյն Տուր:
Ռմբակոծումը պատճառեց նաեւ վիրաւորներ:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի երէկ ուղղուեցաւ Սայտա:
Սայտայի սերային մուտքին Մաուլաուի դիմաւորուեցաւ հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի, Ներքին ապահովութեան ուժերու հարաւային Լիբանանի պատասխանատու գնդապետ Մաժետ Այուպիի եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական եւ բանակային կառոյցներու պատասխանատուներուն կողմէ:
Սերային մէջ Մաուլաուի նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի ապահովական վտանգաւոր իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար` երկուշաբթի օրուան ռմբակոծումը, որ թիրախ դարձուց Ղազիէի ճարտարարուեստական կառոյցները:
Նիստէն ետք Մաուլաուի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ օժանդակելու համար հարաւային Լիբանանի իրենց բնակարաններէն տեղահանուած քաղաքացիներուն:
Ան հաստատեց, որ իրենց համար Լիբանան յաղթանակ արձանագրած է` աւելցնելով, որ չկայ իսրայէլեան բռնարարք մը, որ կրնայ յաղթել հարաւային Լիբանանի քաջ բնակիչներուն:
Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Ժապալ Պլաթ, Մըրուահին, Ըմ Թութ, Եարուն, Խիամ, Ռամիա, Այթարուն, Ալմա Շաապ, Տհայրա եւ Ժըպպայն շրջանները:
Իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ, ինչպէս նաեւ ձայնի պատը խզեց Սայտա, Սուր, Նապաթիէ, Մըրուահին եւ Ռամիա շրջաններուն վերեւ:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Իվեն Մանահեմ, Աւիւիմ եւ Շումերա բնակեցման վայրերը եւ արձանագրեցին ուղղակի հարուածներ` անոնց մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն դէմ:
Դիմադրութեան մարտիկները հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Ռուեյսեթ Ալամ եւ Մարժ դիրքերը եւ ուղղակի հարուած հասցուցին անոնց:
Կէսօրէ ետք Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին Մթըլլէի բնակեցման վայրն ու հոն գտնուող իսրայէլացի զինուորներու խմբաւորումը:


