Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր տնօրէն Տորըթի Քլաուսը, որուն հետ քննարկեց նուիրատու երկիրներուն կողմէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու իրականութիւնը, որուն հետեւանքները աղէտալի կրնան ըլլալ:
Պասիլ ընդգծեց Եւրոպական Միութեան անդամ բարեկամ երկիրներուն եւ արաբ եղբայր երկիրներուն հետ աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք իմանան, թէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման կասեցումը որքա՛ն վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, ինչքա՛ն սպառնալիք կրնայ պատճառել եւ ինչքա՛ն տեղահանութիւն` դէպի Եւրոպա եւ շրջանի երկիրներ:
Պասիլ շեշտեց, որ բարեկամ եւ եղբայր երկիրները պաղեստինցի ժողովուրդին եւ շրջանին ապահովութեան նկատմամբ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն:
Միւս կողմէ, Պասիլ նախագահելէ ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի ժողովին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը:
Պասիլ շեշտեց, որ երկրին մէջ վտանգաւոր արշաւ մը կայ քրիստոնեայ համայնքը հեռացնելու իշխանութենէն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաները իրաւազրկելու պետական եւ տնտեսական հաստատութիւններուն մէջ վարչական պաշտօններու հասնելու առնչութեամբ` սկսելով նախագահական ընտրութիւնը խանգարելէ եւ հասնելով մինչեւ սահմանադրութիւնն ու Ազգային ուխտը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ ազգային համագործակցութիւնը հարուածելը:
Պասիլ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը դրական կեցուածք պիտի որդեգրէ` նախագահական ընտրութեան յանգելու նպատակով, «որովհետեւ երկխօսութենէն բացի ոչ մէկ միջոց կայ հանրապետութեան նախագահի մը անուան շուրջ համաձայնելու», ըսաւ ան:
Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ ազգային համագործակցութեան սկզբունքին եւ իր դերկատարութեան, ինչպէս նաեւ անզիջող կը մնայ իր իրաւունքներուն նկատմամբ: