Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քալուսի:
Նիստէն ետք երեսփոխան Միշել Տուէյհի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին Քլաուս նշած է, թէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորման 70 առ հարիւրը կ՛ապահովուի 16 երկիրներէ, որոնք տարեկան դրութեամբ մէկ միլիառ երկու հարիւր միլիոն տոլար կը տրամադրեն:
«Քլաուս բացատրեց, որ այդ երկիրները որոշած են ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնել` սպասելով ՄԱԿ-ի եւ անկախ կազմակերպութիւններու կողմէ սկսած հետաքննութիւններուն` փաստելու համար իսրայէլեան այն ամբաստանութիւնները, թէ 7 հոկտեմբեր 2023-ի գործողութեան մասնակցա՞ծ են նաեւ Կազայի մէջ գործող ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի անդամներ», ըսաւ Տուէյհի:
Ան աւելցուց, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ բառին բուն իմաստով տեղական կառավարութիւն մըն է` Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ, որ շուրջ 3500 անհատի, 62 դպրոցի եւ 38 հազար աշակերտի հոգատարութեամբ, իսկ իր հիւանդանոցներուն ընդմէջէն 200 հազար հիւանդի խնամքով կը զբաղի:
Տուէյհի հաստատեց, որ Քլաուս ընդգծած է, թէ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մօտ գտնուող մնացեալ գումարը մինչեւ մարտ ամիս կրնայ բաւարարել` աւելցնելով, որ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող ապրուստի, մարդկային, քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը փոթորիկներու դիմաց կրնայ գտնուիլ:
Տուէյհի ընդգծեց, որ արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը որոշած է բարձրաձայնել եւ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացնել տեղեկագիր մը, որպէսզի արագ քայլերու դիմէ եւ Լիբանանի բարեկամ երկիրներէն գումարներ ու օժանդակութիւն ապահովէ, որպէսզի պաղեստինեան գաղթակայանները աղքատութեան օղակ մուտք չգործեն, ծայրայեղութեան ալիքի մը պատճառ չդառնան, եւ Լիբանանի արդէն դիւրաբեկ ապահովական կացութիւնը յաւելեալ լարուածութիւններ չապրի ու վտանգի չենթարկուի:
Տուէյհի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը մտահոգիչ է եւ երկիւղ պատճառող, «հետեւաբար բոլորը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի անդամ երեսփոխաններ Սելիմ Սայեղ եւ Էլիաս Խուրի խորհրդարանին մէջ հրաւիրեցին մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին Եւրոպական Միութեան պատասխանատուներուն հետ Պրիւքսելի մէջ իրենց կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները:


