Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթիի Որոշումով Կառավարութեան Նիստը Առկախուեցաւ

February 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին յայտնեց, որ ինք նախարարները տեղեակ պահած է կառավարութեան նիստը առկախելու մասին:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին տեղի ունենալիք նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին պիտի քննարկուէր Լիբանանի դրամատուներուն եւ անոնց կարգաւորման օրինագիծը, ինչպէս նաեւ պիտի ճշդուէին պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ թոշակառու զինուորականներուն յաւելումները:

Միքաթի նշեց, որ կառավարութիւնը անակնկալի եկած է փողոցը տիրող բացասական մթնոլորտէն, հետեւաբար յաջորդ շաբթուան ընթացքին պիտի գումարէ իր նիստը` կանխարգիլելու համար թոշակառու զինուորականներուն հետ որեւէ բախում:

«Մենք յանձնառու ենք բոլորին իրենց իրաւունքները տրամադրելու, սակայն միաժամանակ ունինք պետական ամավարկով ճշդուած ծախսելու սահմաններ, զորս չենք կրնար հատել: Աշխատավարձերը բարելաւելու համար չենք կրնար առկայ գումարները շրջանցել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը ընթացիկ հարցերը պիտի շարունակէ լուծել բարւոք կերպով:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ եթէ ելեւմուտքի նախարարութիւնը չգործէ, ապա պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն աշխատավարձերը կարելի պիտի չըլլայ տրամադրել` գումարներուն գոյութիւն ունենալով հանդերձ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Հանգստեան կոչուած զինուորականներու համախմբումը երէկ առաւօտեան ժամերէն արդէն իսկ սկսաւ համախմբուիլ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ վարչապետարանին մօտակայքը գտնուող զանազան թաղերուն մէջ:

Կառավարութեան նիստէն ժամ մը առաջ արդէն իսկ դէպի վարչապետարան տանող բոլոր փողոցները փակ էին:

Պէտք է աւելցնել, որ Հանգստեան կոչուած զինուորականներու համախմբումը նախանցեալ օր հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղած էր պետական բոլոր հաստատութիւններուն պաշտօնէութեան ամբողջական գործադուլ յայտարարելու եւ կառավարութենէն պահանջելու յարգել իրենց` պաշտօնեաներ թէ զինուորականներ, իրաւացի պահանջները:

Նշենք, որ Պետական մարզի պաշտօնեաներու լիկայի նախագահ Նաուալ Նասըր ընդգծեց իրենց մասնակցութիւնը` նախարարաց խորհուրդի նիստին զուգահեռ ընթացող բողոքի ցոյցին` աւելցնելով, որ 4 տարուան դառն իրավիճակէն ետք Լիբանան մուտք գործած է տագնապի նոր փուլ մը:

Նասըր շեշտեց, որ հակառակ տրուած ժամանակաւոր բոլոր յաւելումներուն, պետական մարզի պաշտօնէութեան 80 առ հարիւրը տակաւին 140-150 տոլարի ամսական աշխատավարձ կը ստանայ: «Արդեօք այս գումարը բաւարա՞ր է ոեւէ պատասխանատու անձնաւորութեան մը տան ելեկտրածին շարժակի բաժանորդագրութիւնը վճարելու», ըսաւ ան:

Նասըր յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար պաշտօնեաներէն պահանջել, որ ծառայութիւններու սակը 90.000 լ. ոսկիի փոխարժէքով վճարեն, երբ ան անոնց ծառայութեան համար 15.000 լ. ոսկիի փոխարժէքով կը վճարէ:

Նախորդը

Հալապի. «Նախարարութիւնը Կ՛ուղղուի Ջնջելու Պրըվէի Պետական Քննութիւնը»

Յաջորդը

Հայերին Լեռնային Ղարաբաղ Վերադարձնելու Իրական Հնարաւորութիւն Կայ. Վարդան Օսկանեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.