ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 11.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 10.000 լ. ոսկիով, մազութին սակը նուազած է 1000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.632.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.670.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.614.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 943.000 լ. ոսկի:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարարութիւնը ընդգծեց, որ նամակաբաշխութեան ծառայութեան սակերը փոփոխութեան ենթարկելու ոչ մէկ որոշում տուած է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը լիբանանեան քաղաքական տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ ընդարձակ երկխօսութեան կարիքը ունի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ իրենց պայքարը մինչեւ վերջին շունչ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքներուն, յատկապէս` դրամատան մէջ անոնց ունեցած գումարներուն տէր կանգնիլն է, «իսկ կառավարութիւնը պէտք է երկրի փրկութեան ծրագիր մշակէ», ըսաւ ան:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա ընդունեց լիբանանեան բանակի նոր նշանակուած սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հասսան Աուտէն, որուն յայտնեց իր բարեմաղթութիւնները` ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով:


