Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Միշել Աուն. «Կազայի Եւ Հարաւային Լիբանանի Զարգացումները Նախագահական Գործարքով Թարգմանելը Անյարիր Է Գերիշխանութեան»

February 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինեան տագնապին լուծումը կարիք ունի ուրիշը ճանչնալու եւ փոխադարձ նախապայմանները ընդունելու, այլապէս` պատերազմը կը շարունակուի եւ յաղթողը իր պայմանները կը պարտադրէ:

Աուն նշեց, որ Իսրայէլ կտրականապէս կը մերժէ զոյգ պետութիւններու լուծումը եւ այդ պատճառով ալ կը շարունակէ «լափել» պաղեստինեան հողերը:

Զօր. Աուն նշեց, որ Լիբանան Կազայի հետ պաշտպանութեան համաձայնագիրով մը չէ կապուած, իսկ ճակատները իրարու միացնողը Արաբական լիկան կրնայ ըլլալ, «բայց եւ այնպէս լիբանանցիներուն մէկ մասը կատարած է ընտրութիւն մը, իսկ կառավարութիւնը անկարող է իր կեցուածքը պարտադրելու, հետեւաբար յաղթանակը հայրենիքին կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ լիբանանցիներուն մէկ մասին», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի զարգացումները նախագահական գործարքով թարգմանելը անյարիր է գերիշխանութեան, «այլապէս` նահատակներուն թափած արիւնը յումպէտս հոսած կ՛ըլլայ եւ անիկա Լիբանանի մեծագոյն պարտութիւնը կրնայ ըլլալ», շեշտեց ան:

Զօր. Աուն նկատել տուաւ, որ երկրին հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն տիրանալու արշաւ գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ Թաէֆին եւ սահմանադրութեան դէմ յեղաշրջում կայ, «եւ ասիկա վտանգաւոր է: Հոս կ՛ուզեմ հաստատել, որ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի առանձինն չի կրնար կատարել այս բոլոր օրինազանցութիւններն ու խախտումները, անոր օժանդակողներ կան, այլապէս` անոր օրինազանցութիւնները կը ձախողէին: Կառավարութիւնը ապօրինի է, իսկ հանրապետութեան նախագահին կրնայ փոխարինել կառավարութիւնը ամբողջութեամբ. այդպէս կը հաստատէ սահմանադրութիւնը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն մտավախութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան զօրակցողները աւելի շատ ըլլան, քան` հայրենակերտումի հաւատացողները:

Նախորդը

Պասիլ Քլաուսի Հետ Քննարկեց Պաղեստինցի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Պու Սաապ. «Ուսուցիչներուն Հետ Հանդիպումները Ընթացքի Մէջ Են` Յանգելու Համար Առկայ Բացթողումները Լուծող Օրէնքի Մը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.