Նախանցեալ գիշեր ժամը շուրջ 9:00-ին, Շուէյֆաթ-Ամրուսիէ շրջանին մէջ եռայարկ շէնք մը փուլ եկաւ` պատճառելով 4 զոհեր եւ 6 վիրաւորներ, որոնք փոխադրուեցան շրջանին հիւանդանոցները:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու Լիբանանեան Կարմիր խաչը փութացին դէպքին վայրը` փորձելով գործադրել մարդասիրական իրենց առաքելութիւնը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան ժամը 3:00:
Լիբանանեան բանակը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը մասնակցեցաւ մարդասիրական աշխատանքներուն եւ յաջողեցաւ փլատակներուն տակ գտնուող 4 հոգի փրկել:
Բանակին փրկարար աշխատանքները, ինչպէս նաեւ մօտակայ շէնքերը իրենց բնակիչներէն դատարկելու աշխատանքը տեւեցին մինչեւ առաւօտեան ժամը 4:00:
Նշենք, որ Շուէյֆաթի քաղաքապետութիւնը երկու տարի առաջ զգուշացուցած էր քաղաքացիները պարպելու այդ շէնքը եւ հեռու մնալու անկէ:


