Հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումները շարունակուեցան:
Երէկ յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին իսրայէլեան ուժերը անօդաչու թռչող սարքով մը ռմբակոծեցին Նապաթիէի Քֆար Ռումման շրջանին մէջ գտնուող շէնքի մը վերջին յարկը` պատճառելով երեք զոհեր եւ վիրաւորելով 6 ուրիշներ:
Քֆար Ռումմանի քաղաքապետարանը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն չուղղուելու ռմբակոծուած շէնքին մօտ` այլ ռմբակոծում մը արձանագրուելու հաւանականութեան մտահոգութեամբ, ինչպէս նաեւ առիթ տալու, որ հիւանդատար ինքնաշարժները կարենան լաւագոյնս կատարել իրենց աշխատանքը:
Իսրայէլեան բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Նապաթիէ, Քֆար Ռումման, Նաքուրա, Տհայրա, Ալմա, Թէյր Հարֆա, Համուլ, Խիամ, Զըպքին, Թալլեթ Համամես, Քֆարքիլա, Մարուն Ռաս, Ռամիա, Այթա Շաապ, Ռաշայա Ֆըխխար, Քֆարհամամ եւ Մաժտալ Զուն շրջանները:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները համապատասխան հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Աւիւիմ բնակեցման վայրը եւ անոր մօտակայքը գտնուող իսրայէլացի զինուորները:
Ի պատասխան Մաժտալ Զունի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումին, Դիմադրութեան մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Մեթսովօ բնակեցման վայրը եւ ուղղակի հարուածներ հասցուցին անոր:
Դիմադրութեան մարտիկները «Պուրքան» տիպի երկու հրթիռներով ռմբակոծեցին իսրայէլեան Հատպ Եարին դիրքը` պատճառելով մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Դիմադրութիւնը հակահրասայլային հրթիռներով ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Մթըլլէի բնակեցման վայրը` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:
Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ իսրայէլեան Քըրիաթ Շմոնա եւ Քֆար Եուվալ բնակեցման վայրերը, ուր կը գտնուէին մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ: Արձանագրուած ուղղակի հարուածները պատճառեցին մարդկային վնասներ:
Երէկ կէսօրէ ետք Դիմադրութիւնը ռմբակոծեց իսրայէլեան Պըրքեթ Ռիշա դիրքին վրայ գտնուող լրտեսական սարքերը:
Հըզպալլայի մարտիկներէն Հասան Մոհամետ Սալեհ միացաւ «Երուսաղէմի ճամբուն վրայ» նահատակներու փաղանգին:


