ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 89.500 լ. ոսկի:
ՎՍՏԱՀԵԼԻ աղբիւրներու համաձայն, 27 փետրուար 2024-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք լիբանանեան բանակի զօրակցութեան խորհրդաժողովը առկախուեցաւ:
ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Սուհել Ապպուտի որոշումով վճռաբեկ ատեանի նախագահ, դատաւոր Ժամալ Հաժժար 23 փետրուար 2024-էն սկսեալ պիտի ստանձնէ ընդհանուր դատախազի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթ այսօրուընէ սկսեալ հանգստեան կը կոչուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ երէկ այցելեց Պեքաա, ուր ընդունուեցաւ Պեքաայի նահանգապետ Քամալ Ապու Ժաուտէի կողմէ: Քննարկուեցան երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերը յուզող հարցերն ու Պեքաայի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան ունեցած հետեւանքները շրջանին վրայ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութիւնը շատ վտանգաւոր է եւ շատ հաւանաբար ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրն է, որ կը սպառնայ Լիբանանին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներուն նպատակը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է եւ իսրայէլեան դաւադիր ծրագիրներու ձախողեցումը: Ֆատլալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ թշնամի Իսրայէլ ոչինչ կրցաւ իրականացնել, հակառակ լայնածաւալ պատերազմ մը սանձազերծելու իր սպառնալիքներուն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Անթուան Հապշի յայտնեց, որ իրենք մօտէն կը հետեւին ուսուցիչներուն շահերն ու կրթական հաստատութիւններուն շահերը հաւասարակշռելու քայլերուն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին պարագային տիրող սառած վիճակին պատճառը մէկ թեկնածուի կառչած մնալն ու զայն պարտադրելու փորձերն են, նոյնիսկ եթէ ամբողջ երկիրը անդամալուծուի: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակը ըլլայ միակը` Լիբանանի պաշտպանութիւնը ստանձնող:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզզէտտին հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը ամբողջովին եւ իր ամբողջ կարողականութեամբ պատրաստ է զերօ կէտին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Հայքալ Խազեն ընդունեց Լիբանանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Սալման Աթարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Փաքիստանի միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ կալուածներու արձանագրութեան յատուկ հաստատութիւններուն աշխատանքը խոչընդոտելը այլեւս կարելի չէ արդարացնել: Ան դիտել տուաւ, որ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարը կը ստանձնէ տնտեսական բոլոր վնասներուն պատասխանատուութիւնը: Ժահժահ աւելցուց, որ վնասները ամսական դրութեամբ շուրջ հազար միլիառ լ. ոսկիով կը գնահատուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար հազարապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թունուզի դեսպան Պորաուի Իմամը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին Լեռնալիբանանի մէջ զէնքի ուժով աւելի քան 11 գողութիւն գործած աւազակ մը: