Ժահժահ Քլաուսի Հետ Քննարկեց ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Առաքելութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քալուսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքին վերաբերող հարցերը: Ժահժահ ողջունեց Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ունեցած դերակատարութիւնը` զարմանք յայտնելով, որ ոմանք կ՛ուղղուին կասեցնելու այդ կազմակերպութեան աշխատանքը, որ անհրաժեշտ է պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը ապահովելու, ինչպէս նաեւ կայունութիւնը պահպանելու առումով: Ժահժահ կոչ ուղղեց բոլորին, մասնաւորաբար`...


















