Սահեր. «Իրանի Վրայ Յարձակումին Ընթացքին Իրագործեցինք Մեր Նպատակները Եւ Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք, Եթէ Հիւլէական Զէնք Ձեռք Բերելու Ջանայ»
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց. «Իսրայէլ Իրանի վրայ իր յարձակումին բոլոր նպատակները իրագործեց»: «Գործողութիւնը զինուորական ակադեմիաներու մէջ պիտի ուսուցուի», նշեց ան: Սահեր ըսաւ, որ Իսրայէլ «մարդկային ցաւալի վնասներ կրեց», սակայն այդ վնասները «մեր նախատեսածէն նուազ էին»: «Մեր յաջողութիւնը հիմնուեցաւ բացման հարուածին վրայ, որ ծրագրուած էր ղեկավարութիւնն ու վերահսկողութիւնը խանգարելու, ինչ որ յանգեցուց իրանեան հակադարձութեան...




















