Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

August 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը երէկ Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ Պաղեստինեան ազգային անվտանգութենէն ստանձնեց ապօրինի ծանր զէնքեր: Գործողութիւնը յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի շարունակուի նոյն գաղթակայանին եւ պաղեստինեան այլ գաղթակայաններու մէջ:

Պաղեստինցի պաշտօնատար մը «Նաշրա» կայքին յայտնեց. «Պաղեստինեան ազգային անվտանգութեան ուժերը` գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պաղեստինեան զէնքերը յանձնելու իբրեւ առաջին քայլ, այսօր Պէյրութի Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ իրենց զէնքերը պիտի յանձնեն»:

Ամերիկացի բանագնաց Թամըս Պարրաք այդ առնչութեամբ յայտարարեց. «Շնորհաւորութիւններս լիբանանեան կառավարութեան ու Ֆաթհ շարժումին` Պէյրութի գաղթակայանները կամաւոր կերպով զինաթափելու իրենց գոյացուցած համաձայնութեան համար»:

Լիբանանի մէջ պաղեստինեան խմբաւորումները, սակայն, յայտարարեցին. «Պըրժ Պարաժինէ գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցողը Ֆաթհ շարժումին վերաբերող հարց է»:

«Մեր զէնքը միայն վերադարձի իրաւունքին առնչուած եղած է եւ պիտի ըլլայ», աւելցուցին խմբաւորումները:

Պաղեստինեան իշխանութեան բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա յայտարարեց. «Պաղեստինի պետութիւնը կը յայտարարէ, թէ լիբանանեան պետութեան հետ համաձայնութիւն գոյացաւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող զէնքերը յանձնելու լիբանանեան բանակին` պահ դրուելու համար»:

Ան աւելցուց, որ պաղեստինեան առնչակից կողմերը Պըրժ Պարաժինէ եւ Պաս գաղթակայաններու զէնքերու առաջին խմբաքանակը յանձնեցին լիբանանեան բանակին, իսկ մնացեալ գաղթակայաններէն զէնքերու յանձնումը պիտի շարունակուի իրերայաջորդ կերպով:

Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ դեսպան Ռամեզ Տիմաշքիէ յայտնեց. «Այսօր գաղթակայաններու ապօրինի պաղեստինեան զէնքը յանձնելու պատմական հոլովոյթին սկիզբն է»:

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ողջունեց պաղեստինեան զէնքի յանձնման գործողութեան մեկնարկը:

Յիշեցնենք, որ 21 մայիս 2025-ին հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի վեհաժողովի ընթացքին գոյացած էր համաձայնութիւն մը, որ շեշտը կը դնէ լիբանանեան պետութեան իշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն եւ զէնքի մենաշնորհի սկզբունքի գործադրութեան վրայ:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Յաջորդը

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.