Ակնարկ. Ամերիկեան Կանխահաս Ներգրաւումը
Իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը առաջին հայեացքով համազօր է Իսրայէլ-Իրան ռազմական հակամարտութեան ներգրաւումին: Այս կարելիութիւնը չէր բացառուեր անշուշտ, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրար հակասող յայտարարութիւններու շարքին խօսած էր նաեւ մինչեւ երկու շաբաթ ժամկէտի մասին, որոշելու համար Ուաշինկթընի ընելիքը: Երկու շաբաթը շատ շուտ սպառեցաւ. հիմա «խաղաղութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն» ընտրանքը կը դնէ Թրամփը Իրանի առջեւ, հետագայ զարգացումները կանխարգիլելու կամ նոր...




















