Լիբանանեան որոշ շրջանակներ ամերիկացի յատուկ պատուիրակին կատարած վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ոչ միայն ոճային, այլ նաեւ բովանդակային փոփոխութիւն կը նշմարեն:
Եթէ ամերիկեան փաստաթուղթին հաւանութիւն չտար լիբանանեան կողմը, ապա ընդհանրապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնար երկրին գերիշխանութիւնը, նոյնիսկ ակնարկ կը կատարուէր «Պիլատ Շամ»-ի վերաձեւաւորման մասին:
Հիմա, առանց ըսելու, որ ամերիկեան փաստաթուղթ մըն ալ պիտի յղուի Թել Աւիւին, Պարրաք ըստ էութեան նման նախագիծի մասին կը խօսի, երբ կ՛ըսէ, թէ լիբանանեան կառավարութիւնը առաջին քայլը առաւ, եւ այժմ Իսրայէլ պէտք է անոր դիմաց քայլ մը կատարէ:
Դիմացի քայլ առնելու համար սակայն նախ պէտք է համապատասխան փաստաթուղթ մըն ալ յղուի Թել Աւիւին, որպէսզի Իսրայէլ իր զօրքերը հեռացնէ լիբանանեան տարածքներէն, յարգէ հրադադարի համաձայնութիւնը, ոտնձգութիւններ չկատարէ լիբանանեան օդային, ծովային եւ ցամաքային տարածքներուն վրայ, վերադարձնէ պատանդները եւ յարգէ Լիբանանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Փաստաթուղթի մասին որեւէ ակնարկութիւն չկայ, սակայն գնդակը իսրայէլեան կիսադաշտին մէջ տեսնելը ակնկալութիւն կ՛ենթադրէ: Այդ ակնկալութիւնը նախ եւ առաջ հրադադարի յարգումը պիտի ըլլայ:
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին բանաձեւը պաշտօնական դիրքորոշումը կը պարզէ. «Համաձայնեցուած փաստաթուղթին նկատմամբ լիբանանեան յայտարարուած դիրքորոշումէն ետք, այժմ պահանջուածը միւս կողմերուն յայտարարուած միացեալ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը յարգելն է, լիբանանեան բանակին յաւելեալ աջակցութիւնը եւ միջազգային մակարդակի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու թիրախ դարձած շրջաններու մէջ վերաշինութեան աշխատանքի ձեռնարկման արագացումը»:
Այստեղ հրադադարի յարգումին զուգակցուած են լիբանանեան բանակի ծաւալային օժանդակութիւնն ու աւերուած շրջաններու վերականգնման աշխատանքներու ձեռնարկումը: Ըստ էութեան, երկուքն ալ տնտեսական օժանդակութեան մասին են: Բանակի ֆինանսաւորում ու զինում, եւ աւերուած շրջաններու մէջ շինարարական ծրագիրներու ձեռնարկում:
Առաջին օժանդակութիւնը ռազմական նշանակութիւն ունի անշուշտ ֆինանսականին առընթեր: Եթէ Հըզպալլայի իրականացուցած պաշտպանական գործառոյթները պիտի վերցնէ բանակը թէ՛ դիրքերու ստանձնումով, թէ՛ սահմաններու ամբողջական պաշտպանութեամբ եւ թէ՛ որեւէ ոտնձգութիւն կանխելու կամ անոր հակազդելու առումով, ապա պէտք ունի նկատառելի օժանդակութեան եւ սպառազինումի:
Այստեղ կայ հանգուցային խնդիր: Եթէ սպառազինումի մասին է խօսքը, ապա ինչո՛ւ չ՛որոշուիր Հըզպալլայի զէնքի բանակին յանձնումը եւ ոչ թէ ոչնչացումը: Նման զինապահեստի ոչնչացում կ՛ենթադրէ լիբանանեան կողմէն թոյլ պաշտպանողական, որքան ալ նոր օժանդակութիւններու նկատմամբ խոստումներ տրուին կամ զինուժի խմբաքանակներ հասնին բանակին: Այս հանգուցաւոր խնդիրով կը բացատրուի այն, որ Իսրայէլ ոչ թէ Հըզպալլայի զինաթափումը կը պահանջէ, այլ ընդհանրապէս լիբանանեան կողմէն ոչ համարժէք պաշտպանողական կարողականութեան առկայութիւն:
Ամերիկացի պատուիրակին վերջին յայտարարութիւնը այնպէս մը կ՛ուղենշէ հետագայ իրադարձութիւնները, որ այժմ իսրայէլեան կողմէն պիտի պահանջուին որոշ յանձնառութիւններ: Փոխհակակշիռ գործողութիւններու շարքը կրնայ բացատրուիլ փուլային զէնքի յանձնում հանգրուանային ուժերու հեռացման համընթաց շարժերով:
Տակաւին յստականալիք կէտեր կան անշուշտ: Երաշխիքներ չկան, որ Իսրայէլ յանձնառու կը մնայ իր տուած համաձայնութիւններուն եւ թէ լիբանանեան զինեալ ուժերը որքանո՛վ կարողականութիւնը պիտի ունենան համարժէք պաշտպանողականութիւն իրականացնելու, երբ Իսրայէլ խախտէ դեռ եւս իր չհաստատած համաձայնութիւնները:
«Ա.»