Դատարանը որոշեց եւս երեք ամիսով երկարաձգել Բագրատ արք. Գալստանեանի, պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի եւ Արման Իսրայէլեանի կալանքը: Դատարանը երեք ամիսով կալանաւորեց նաեւ Վահագն Չախալեանը: Մեղադրեալ Արա Ռոստոմեանի կալանքը փոխարինուեցաւ եռամսեայ տնային կալանքով:
Իր կալանքը երկարաձգելու որոշման հրապարակումէն ետք Բագրատ սրբազանը «շատ շնորհակալութիւն» յայտնեց դատաւոր Կարէն Ֆարխոյեանին «ազնիւ եւ առանց խաբէութեան դրսեւորման համար»:
«Այնքան լաւ կը զգամ ինքզինքս, որ այլ որոշում Դուք չկայացուցիք, որովհետեւ ատիկա ինծի համար մահ պիտի ըլլար: Յայտնուիլ այնպիսի պայմաններու մէջ, որ մեր երկիրը յանձնուած իրավիճակի մէջ է, եւ յանկարծ դուրսը` այսպէս կոչուած դուրսը, ես հիմա ազատութեան մէջ եմ կատարեալ իմաստով եւ շնորհակալ եմ Ձեզմէ, որ իմ ազատութեան ժամկէտը երկարաձգեցիք: Լիտիա Մանթաշեանի կալանաւորումը երկարաձգելէ ետք ես գետնի տակը պիտի մտնէի, ամօ՛թ ինծի, եթէ դուրս գայի այդ միջավայրէն: Շնորհակալութիւն Ձեզի, որ չըրիք այդ քայլը», յայտարարեց սրբազանը:
Նախանցեալ օր դատաւոր Ֆարխոյեան բաւարարեց դատախազի միջնորդութիւնը եւ երեք ամիսով երկարաձգեց Լիտիա Մանթաշեանի կալանքը: Մանթաշեանը պնդեց, թէ ո՛չ ինք, ո՛չ ալ համախոհները որեւէ յանցագործութիւն կատարած են: