Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հարաւային Կովկասէն Ուքրանիա` Անցնելով Ալասքայէն

Օգոստոս 18, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ալասքայի հանդիպումը ընդհանուր հաշուով Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ հաշուոյն ընդհանուր համաձայնութեան գալն է: Կանուխ է անշուշտ վերջնական եզրակացութեան յանգիլը, այդուհանդերձ, որոշ նախադրեալներու մասին կարելի է արձանագրումներ կատարել:

Հայաստան-Ազրպէյճան ուաշինկթընեան հռչակագիրէն անմիջապէս ետք Ալասքայի հանդիպումի թուականի հրապարակումը իրադարձութիւններու առումով որոշ փոխկապակցուածութիւն կը յուշէ: Եթէ Ուաշինկթընեան հռչակագիրը շատ ընդհանուր ուրուագծումով Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Կովկասի տեղակայումը կ՛ենթադրէ, ապա այդ կը նշանակէ ռուսական նահանջ այդ ճակատին վրայ: Իսկ նահանջի փոխարէն աշխարհագրական այլ ճակատի վրայ տեղաշարժ. այս պարագային` Ուքրանիոյ ուղղութեամբ:

Տարածքներու հարցը անքննարկելի էր Ուքրանիոյ նախագահին համար, որ ոչ շատ ետք իր այս յայտարարութենէն խօսեցաւ տարածքներու հարցը քննելու կարելիութեան մասին` ընդգծելով, որ ժամանակը հասած է պատերազմը դադրեցնելու: Հարաւային Կովկասը Ուքրանիոյ դիմաց սկզբունքը կրնայ աւելի տեսանելի ըլլալ, եթէ համաշխարհային լրատուամիջոցներու հրապարակած նիւթերը համապատասխանեն իրականութեան:

Այսպէս. ըստ «Ռոյթըրզ» գործակալութեան,   Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը նախապայմաններ ներկայացուցած է ` Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնելու համար:

Ա.- Ուքրանիոյ զինուած  ուժերը դուրս կու գան Տոնեցքէն եւ Լուկանսքէն, սակայն Սումիի եւ Խարքովի  տարածքները կը վերադարձուին Ուքրանիոյ վերահսկողութեան:

Բ.- Զինադադար չի նախատեսուիր մինչեւ լիարժէք համաձայնագիրի ստորագրումը:

Գ.- Խրիմի մէջ  Ռուսիոյ ինքնիշխանութեան պաշտօնական ճանաչում:

Դ.- Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու առնուազն մէկ  մասի վերացում:

Ե.- Արգելք Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան:

Զ.- Ռուսերէն լեզուի պաշտօնական կարգավիճակ Ուքրանիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ  ազատ գործելու իրաւունք:

Պահ մը ընդունինք, որ այս նախապայմանները կը համապատասխանեն իրականութեան: Խաղաղութիւն ստանալու համար Քիեւ կը զիջի տարածքներ, կը հրաժարի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութենէն, կ՛արտօնէ ռուսերէնին կարգավիճակ տալը եւ ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ անարգել գործունէութիւնը:

Մոսկուան ալ գիտէ, որ բոլոր նախապայմանները անպայման չեն բաւարարուիր: Այստեղ ամէնէն հիմնական խնդիրը տարածքներուն կը վերաբերի: Բանակցային առանցքային նիւթը տարածքներն են: Հոս է, որ փոխզիջումը պիտի փորձեն իրականացնել:

Մամուլի այս հրապարակումները աւելի իրատեսական կը սկսին թուիլ: Մանաւանդ որ այս մասին հետեւեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն: Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ յայտարարած է, որ Մոսկուան զիջումներու գացած է  Ուքրանիոյ 5 շրջաններու հարցին մէջ աւելի վաղ ունեցած իր դիրքորոշումէն: Ըստ անոր,  Սպիտակ տունը Զելենսքիի հետ պիտի քննարկէ տարածքային փոխանակման հարցը: Ըստ Ուիթքոֆի, այս հարցը չէ քննարկուած Փութին-Թրամփ հանդիպումին: Ան յոյս յայտնած է, որ Ուաշինկթընը կը կարենայ կազմակերպել Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ եռակողմ հանդիպում:

Դժուար է արձանագրելը, որ իսկապէս Թրամփ-Փութին հանդիպումին չէ քննարկուած տարածքներու հարցը: Աւելի դիւրին է ընկալելը, որ եռակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ: Եռակողմը կը յիշեցնէ մօտիկ անցեալին կայացած եռակողմ մը դարձեալ Ուաշինկթընի վկայութեամբ եւ միջնորդութեամբ: Կը յիշեցնէ նաեւ Հարաւային Կովկաս-Ուքրանիա իրադարձութիւններու կապը կամ քաղաքական աշխարհագրութեան փոխանակումը:

«Ա.»

Նախորդը

Ալասքայի Մէջ Թրամփ-Փութին «Շրջադարձային Ու Չափազանց Արդիւնաւէտ» Հանդիպում

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (18 Օգոստոս 2025)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը  Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Արտաքին Քուէին Ազդեցութիւնը Եւ Օրէնքի Փոփոխութեան Շարժառիթները

Հոկտեմբեր 3, 2025
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը  Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 3, 2025
Սալամ Արձագանգեց Պարրաքի «Զարմանալի»  Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Հանրապետութեան Նախագահի Եւ Վարչապետի Յարաբերութիւնները Դատապարտուած Են Համախոհութեան, Եւ Ռաուշէի Ժայռի Խնդիրը Չվերջացաւ»

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?