Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»

August 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չի պատրաստուիր Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Կը կարծեմ, որ Զելենսքիի եւ Փութինի մինչեւ օգոստոսի աւարտը հանդիպման հաւանականութիւնը զերօ է: Հետագային եւս առիթները չափազանց փոքր են կամ ընդհանրապէս կը բացակային: Փութինի եւ Զելենսքիի վեհաժողովը ոչ աւելին, քան Թրամփի երազանքն է: Հաւանաբար ան սխալ հասկցած է Փութինի դիրքորոշումը, կամ մոլորութեան մէջ ձգուած է», ըսած է Լաւրով:

Նախապէս Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնած էր, թէ Փութինն ու Թրամփը քննարկած են ռուս-ուքրանական պատերազմին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ «ներկայացուցիչներու մակարդակի բարձրացման» գաղափարը:

Ուշաքով չէ յստակացուցած, թէ ճիշդ ի՛նչ նկատի ունի հանդիպումներու մակարդակի բարձրացում ըսելով, եւ չէ նշած ղեկավարներու հանդիպման հաւանականութեան մասին: Սակայն Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լեւիթ կը պնդէր, որ Փութին համաձայնած է երկկողմանի հանդիպում ունենալ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ:

Լաւրով Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուրհամանիամ Ճայշանքարի հետ բանակցութիւններէն ետք ալ յայտնեց. «Մեր նախագահը բազմիցս ըսած է, որ պատրաստ է հանդիպելու ի միջի այլոց պարոն Զելենսքիի հետ, այն հասկացողութեամբ, որ բոլոր հարցերը, որոնք կը պահանջեն բարձրագոյն մակարդակով քննարկում, լաւ մշակուած ըլլան, եւ փորձագէտներն ու նախարարները պատրաստեն համապատասխան առաջարկներ»:

 

 

Նախորդը

Վանս. «Ուքրանիան Կ՛ուզէ Երկար Տեւողութեան Վրայ Իր Հողային Ամբողջականութիւնը Երաշխաւորել»

Յաջորդը

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.