Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաք Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հետ երէկ առտու այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանրապետութեան նախագահը Պարրաքին եւ Օրթէյկըսին յայտնեց. «Համաձայնեցուած փաստաթուղթին նկատմամբ լիբանանեան յայտարարուած դիրքորոշումէն ետք, այժմ պահանջուածը միւս կողմերուն յայտարարուած միացեալ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը յարգելն է, լիբանանեան բանակին յաւելեալ աջակցութիւնը եւ միջազգային մակարդակի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու թիրախ դարձած շրջաններու մէջ վերաշինութեան աշխատանքի ձեռնարկման արագացումը»:

Պարրաք շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Լիբանանին եւ անոր դրացի երկիրներուն համար աւելի լաւ կեանք կ՛ուզենք, եւ զինաթափումը լիբանանեան պետութեան վերաբերող որոշում է»:

«Մեզի հետ Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ որեւէ սպառնալիք չենք բերած: Ոչ ոք վախցնելու կ՛աշխատինք, որովհետեւ դրական արդիւնքները միատեղ կը վերաբերին կուսակցութեան, Լիբանանին եւ Իսրայէլին: Ապագայ բարգաւաճման վրայ կը կեդրոնանանք, ոչ թէ` ահաբեկման», նշեց Պարրաք:

«Նախարարաց խորհուրդին մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ յուսալից ենք: Բարգաւաճման ու խաղաղութեան վերադառնալը մօտ դարձաւ, եւ կը կարծեմ, որ յառաջիկայ շաբաթներուն տարբեր ուղղութիւններով յառաջընթաց մը պիտի տեսնենք: Այս յառաջընթացը ժողովուրդին ու դրացիներուն համար աւելի լաւ կեանք եւ ճամբու քարտէսի սկիզբ կը նշանակէ», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

«Այն, ինչ որ կ՛ուզենք, նախապէս համաձայնեցուած համաձայնութեան մը գործադրումն է, այսինքն` նոր համաձայնութիւն մը չմշակեցինք», յայտնեց Պարրաք:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլան պէտք է աւելի լաւ ընտրանքի մը գոյութիւնը տեսնէ, եւ հարց տուաւ. «Զինաթափումէն աւելի լաւ ընտրանք գոյութիւն ունի՞»:

«Զէնքի մենաշնորհման նպատակը կը ծառայէ շիի համայնքին, որովհետեւ անիկա լիբանանեան համայնքէ, եւ անոր դրական արդիւնքները ամբողջ Լիբանանը կը ներառեն», աւելցուց ան:

Պարրաք նշեց. «Լիբանանեան կառավարութիւնը առաջին քայլը առաւ, եւ այժմ Իսրայէլ պէտք է անոր դիմաց քայլ մը կատարէ»:

«Լիբանանի քայլէն ետք Իսրայէլէն քայլ մը կը սպասուի, եւ պէտք է բոլորը գործակցին` հեռու մնալով թշնամանքէն ու դիմակայումէն», աւելցուց ան:

«Յաջորդ քայլը իսրայէլեան մասնակցութեան ու բոլոր շրջաններու եւ ոչ միայն հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան ծրագիրի կը կարօտի», նշեց ամերիկացի պատուիրակը` աւելցնելով. «Իսրայէլին Հըզպալլայի զինաթափման վերաբերեալ որեւէ առաջարկ չներկայացուցինք»:

«Մորկըն Օրթէյկըսը, նախագահ Թրամփի յանձնարարութեամբ, վերստին միացուցինք մեր խումբին», յայտարարեց ան:

Ամերիկացի պատուիրակն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը ապա այցելեցին Այն Թինէ, ուր աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Պարրաք հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Բոլորս ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք»:

«Կարեւորը բոլոր բաղադրիչներուն համար բարգաւաճման ու համապարփակ խաղաղութեան հասնիլն է», նշեց ան:

Հանդիպման ընթացքին Պըրրի ամերիկացի պատուիրակին հարցուց զինադադարին Իսրայէլի յանձնառութեան եւ լիբանանեան հողերէն անոր հեռացման մասին` ընդգծելով, որ ատիկա Լիբանանի մէջ կայունութեան նախապայմանն է, առիթ` վերակառուցման աշխատանքի սկզբնաւորման, որպէսզի բնակիչները իրենց գիւղերը վերադառնան: Ինչպէս նաեւ հարցուց լիբանանեան բանակի աջակցութեան ապահովման մասին:

Պարրաք հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք այն, ինչ որ բոլորը կը հետաքրքրէ, այս առումով, թէ ինչպէ՛ս հարաւի, հիւսիսի եւ Լիբանանի բոլոր կողմերուն մէջ ու բոլոր լիբանանցիներուն համար բարգաւաճումի կը հասնինք»:

«Պըրրիի հետ այսօրուան հանդիպումս խելացի անձնաւորութեան մը հետ էր, որ հոյակապ պատմութիւն ունի, եւ մենք ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանանք», նշեց ան:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ:

Պարրաք ցաւակցութիւն յայտնեց անցեալ շաբաթ հարաւի մէջ նահատակուած զինուորականներուն համար եւ ողջունեց կառավարութեան որդեգրած վերջին որոշումները:

Վարչապետ Սալամ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ. «Նախարարաց խորհուրդին որդեգրած որոշումները հիմնուեցան ազգային գերագոյն շահերուն վրայ»:

«Ամերիկեան կողմը պէտք է տէր կանգնի Իսրայէլի թշնամական արարքները դադրեցնելու, հինգ կէտերէն հեռանալու եւ գերիները ազատ արձակելու ճնշում բանեցնելու իր պարտաւորութեան», շեշտեց վարչապետը:

Սալամ ընդգծեց առաջնահերթութիւնը լիբանանեան զինեալ ուժերուն ֆինանսական եւ սպառազինական աջակցութիւն տրամադրելու եւ անոր կարողութիւնը ամրապնդելու, որպէսզի կարենայ իրմէ պահանջուած առաքելութիւնը կատարել:

Ան նաեւ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը վերանորոգելու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը` նկատի ունենալով կայունութեան ամրապնդման եւ հարաւային Լիբանանի մէջ պետութեան իշխանութեան տարածման մէջ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան մէջ անոր դերակատարութիւնը:

Վարչապետը կոչ ուղղեց «Լիբանանի մէջ վերաշինութեան ու տնտեսական վերականգնման աջակցութեան խորհրդաժողով գումարելու միջազգային յստակ յանձնառութիւն յայտարարելու»:

Հանդիպումին խօսակցութեան առարկայ դարձան նաեւ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումները: Երկու կողմերը շեշտեցին «Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը»:

Ամերիկացի երկու պատուիրակները նաեւ այցելեցին Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի հետ:

Քննարկումի առարկայ դարձան երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու Լիբանանի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւր մը «Հատաս» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ հինգ կէտերէն հեռացումը «տեղի պիտի ունենայ զինադադարի հսկողութեան յանձնախումբին հետ համակարգուած մեքանիզմի հիմամբ»:

Պատասխանելով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաքի Լիբանանի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն` աղբիւրը յայտարարեց. «Իսրայէլ իր դերը պիտի կատարէ, երբ Լիբանանը իրողական քայլեր որդեգրէ»:

Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտեց. «Իսրայէլ նպատակ չունի լիբանանեան հողեր պահելու»:

«Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեան համաձայն, կը նախատեսուի, որ Թամըս Պարրաք եւ Մորկըն Օրթէյկըս այս ամսուան վերջաւորութեան դարձեալ այցելեն Լիբանան:

Նախորդը

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
«Խաղաղապահ Զինուորներու Վրայ Որեւէ Յարձակում  Միջազգային Օրէնքներու  Եւ Թիւ 1701 Որոշումի Բացայայտ Խախտում Է»  Կը Շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ
Լիբանանեան

«Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի Եւ «Էյ. Պի. Սի.»-ի Համաձայնղ Ռուպիօ Ստորագրած Է Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան Վերջ Տուող Ծրագիր Մը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?