Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանած ենք, եւ ատիկա մեր քաղաքականութիւնն է», Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան:

«Շրջանին մէջ որեւէ ուժի կիրարկման դէմ ենք եւ կը գտնենք, որ շրջանին մէջ ղեկավարումը պէտք է ըլլայ կովկասեան, եւ խնդիրներու շրջանէն դուրս արտաշրջանային տէրութիւններու արտայանձնումը շրջանի կացութիւնը աւելի կը բարդացնէ», յայտարարեց Իրանի նախագահը:

Ան ընդգծեց, որ Իրան իր դրացիներուն, մասնաւորաբար Հայաստանին խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն կը ցանկայ եւ կը կարծէ, որ համարկումն ու բարեկամութիւնը անվտանգութեան եւ զարգացման պահպանման լաւագոյն գործօններն են:

«Խաղաղութիւնը Իրանի համար ռազմավարական առաջնահերթութիւն է, եւ մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Իրանի դիրքորոշումը այն է, որ շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններ պէտք չէ տեղի ունենան, եւ մենք կը կարծենք, որ այդ փոփոխութիւնները կրնան աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւն յառաջացնել», նշեց Փեզեշքիան:

Իրանի նախագահը Հայաստանը կոչեց իր երկրի կարեւոր դրացին` աւելցնելով, որ պատմութիւնը կը վկայէ երկկողմանի յարաբերութիւններու խոր արմատներուն մասին:

«Իրանի մէջ հայկական համայնքի, յատկապէս սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ներկայութիւնը կը վկայէ մեր քաղաքակրթական եւ մշակութային ընդհանրութեան, ինչպէս նաեւ սահմանի երկու կողմերուն վրայ բարեկամութեան մասին: Մեր հասարակաց սահմանը միշտ եղած է ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ կապի կամուրջ», եզրափակեց Փեզեշքիան:

Փաշինեան իր կարգին նշեց. «Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յստակ ընդգծել, որ Հայաստանով անցնող հաղորդակցութեան ուղիները պիտի գտնուին բացառապէս Հայաստանի իրաւազօրութեան տակ, անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ոչ թէ որեւէ երրորդ երկիր»:

«Հայաստան չափազանց կարեւոր կը նկատէ Իրանի հետ ռազմավարական բնոյթի յարաբերութիւնները, վստահ եմ, որ մեր կառավարութիւններու շարունակական գործօն ջանքերուն շնորհիւ երկուստեք կեանքի պիտի կոչենք նոր միացեալ ծրագիրներ` ի շահ մեր բարեկամ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու», նշեց ան:

Իրանի նախագահը աւելի ուշ «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպումին ես ընդգծեցի, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան կառավարութեան համոզումն է` պահպանել Հայաստանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս նաեւ շարունակել երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները, եւ մեր մտահոգութիւնները մեր հասարակաց սահմաններուն մօտ երրորդ կողմի ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ պէտք է ամբողջովին լուծուին»:

Փեզեշքեան եւ Փաշինեան «3+3» շրջանային ձեւաչափին աջակցելու իրենց պատրաստակամութեան մասին յայտարարութիւն ստորագրեցին:

Հայաստանն ու Իրանը նաեւ սահմանին վրայ 2-րդ կամուրջ կառուցելու համաձայնութիւն գոյացուցին:

 

 

Նախորդը

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Յաջորդը

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?