Երէկ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Հայաստան: Սակայն նախքան Երեւան ժամանելը, Փեզեշքիան «Մեհրապատ» օդակայանին մէջ յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ. «Հայաստան ուղեւորութիւնը մեր դրացի երկիրներ առաջնահերթ ուղեւորութիւններու շարունակութիւնն է»:
Անոր համաձայն, դրացի երկիրները առաջնահերթութիւն են յարաբերութիւններու կառուցման եւ զարգացման համար:
«Մենք ամուր ռազմավարական յարաբերութիւններ ունինք մեր դրացի եւ բարեկամ Հայաստանի հետ եւ միշտ ձգտած ենք իրարու հետ լաւ յարաբերութիւններ կառուցել ընկերային, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային հարցերուն մէջ», նշած է Փեզեշքիան:
«Անհրաժեշտ յարմարութիւնները ապահովուած են, եւ Իրանի ու Հայաստանի միջեւ հաղորդակցութիւնը ըստ կարելւոյն դիւրացած է: Ուստի այս այցելութեան ընթացքին մենք պիտի քննարկենք մեր համաձայնագիրներն ու կապերը ամրապնդելու ուղիները, ներառեալ հաղորդակցութեան եւ մշակութային ուղիները, մասնաւորապէս` Հիւսիս-հարաւ միջանցքը», նշած է ան:
«Ինչ կը վերաբերի Արեւելք-Արեւմուտք ուղիին, անիկա, բնականաբար, պիտի դառնայ յարմարաւէտ հարթակ` այս ուղղութեամբ առեւտրական ճանապարհի զարգացման համար, եւ մենք կը ձգտինք ընդլայնել զայն», աւելցուցած է Փեզեշքիան:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրէն ետք Հայաստանի մէջ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան վերաբերեալ մտահոգութիւններուն` Փեզեշքիան յայտնած է. «Բնական է մտահոգութիւններ ունենալ շրջանին մէջ ամերիկեան ընկերութիւններու ներկայութեան վերաբերեալ, քանի որ անոնք կու գան որեւէ ընկերութեան անունով, իսկ հետագային կրնան զբաղիլ այլ գործունէութեամբ: Մենք քննարկումներ պիտի կատարենք հայ պաշտօնեաներուն հետ այս մտահոգութիւններուն շուրջ»:
«Այլ հարցերու առնչութեամբ, ներառեալ թեքնիք, ճարտարագիտական, շինարարական, հանքարդիւնաբերական, գեղարուեստական, ընկերային եւ զբօսաշրջային ոլորտներու վերաբերեալ հարցերը, պատրաստուած են հիանալի փաստաթուղթեր. կը նախատեսուի այնտեղ ստորագրել զանոնք», նշած է նախագահը: