Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Մարք Ուէյն Մոլինն ու Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւններէն քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընի: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ու շրջանի կացութեան զարգացումներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան:
Պըրրի հանդիպումի ընթացքին արծարծեց 1978 թուականէն ի վեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 425 որոշումին հիմամբ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայ գտնուող ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման հարցը:
Խորհրդարանի նախագահը նշեց, որ հակառակ Իսրայէլը միջազգային օրինականութեան ականջ տալով նոյեմբեր 2024-ի զինադադարի համաձայնութիւնն ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու մղելու միջազգային ջանքերուն եւ մասնաւորաբար ամերիկեան միջնորդութեան, ինք անակնկալի մատնուած է թիւ 425 եւ 1701 որոշումներուն ու զինադադարի համաձայնութեան նոյն հովանաւորին կողմէ այդ միջնորդութեան հակադրուող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ներկայութիւնն ու առաքելութիւնը թիրախաւորող ջանքերէն, թէեւ իր կազմին մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժերը ներառող հնգանդամ մեքանիզմը կը գլխաւորէ ամերիկացի զօրավար մը եւ անոր տեղակալը ֆրանսացի զօրավար մըն է, ուստի զինադադարի ամրապնդման եւ պատերազմին վերջ տալուն ձգտող մը ինչպէ՞ս կը թիրախաւորէ խաղաղապահ այդ ուժերուն ներկայութիւնը: