Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Յորդանան Այցելեց

August 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի եւ պաշտպանութեան նախարար Միշել Մնասսայի հետ այցելեց Ամման:

Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան Սալամի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Իրականութիւնը Մեծն Իսրայէլի պատրանքը ցոյց չի տար, այլ` իր կիրարկած վայրագ ու ծայրայեղ քաղաքականութեան պատճառով մերժուած, մեկուսացուած, անոր դէմ դրուած եւ պաշարուած Իսրայէլը»:

«Լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակութիւնը դատապարտելի է», նշեց Յորդանանի վարչապետը` շեշտելով. «Անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը եւ դադրեցնել լիբանանեան հողերուն վրայ շարունակուող յարձակումները»:

Ան ընդգծեց, որ Յորդանանը միշտ կը կանգնի Լիբանանի կողքին եւ կը զօրակցի անոր գերիշխանութեան, անվտանգութեան, կայունութեան, բարգաւաճման, անոր հաստատութիւններուն պետութեան իշխանութիւնն ու գերիշխանութիւնը լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ տարածելուն եւ հաստատութիւններուն հետ գործակցութեան:

«Անհրաժեշտ է բոլոր ջանքերը թափել Կազայի դէմ պատերազմը, Այսրյորդանանի դէմ յարձակումներն ու շրջանին մէջ վտանգաւոր մագլցումը դադրեցնելու», ըսաւ Հասսան:

«Իսրայէլ առանձինը կը կրէ Կազայի մէջ մարդասիրական օժանդակութեան համակարգի քայքայման մարդկային ու իրաւական ամբողջական պատասխանատուութիւնը», նշեց Յորդանանի վարչապետը:

Սալամ իր կարգին գնահատեց «Ապտալլա Բ. թագաւորին ղեկավարութեամբ Լիբանանի աջակցութեան մէջ եւ բոլոր փուլերուն անոր կողքին կանգնելու մէջ Յորդանանի դերակատարութիւնը»` աւելցնելով, որ անոնք «պատմական եւ ռազմավարական գնահատելի կեցուածքներ են»:

«Իսրայէլ մեկուսացումի մէջ է, եւ աշխարհի վրայ մեկուսացուած է Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ իր գործադրած քայլերուն պատճառով», ըսաւ Սալամ:

«Յորդանանի ձայնը աշխարհի վրայ կը լսուի, եւ Լիբանան իր գտնուած ներկայ փուլին մէջ կարիքը ունի այդ դերակատարութեան», նշեց վարչապետը:

Սալամ եւ իր յորդանանցի պաշտօնակիցը համաձայնեցան այս տարուան ընթացքին Յորդանան-Լիբանան բարձրագոյն միացեալ յանձնախումբի աշխատանքային ժողով գումարել:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը վարչապետ Սալամը ընդունելով Յորդանանի ամբողջական աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին` իր անվտանգութեան ամրապնդման եւ գերիշխանութեան պահպանման մէջ` նշելով Յորդանանի եւ Լիբանանի միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ, մասնաւորաբար տնտեսական ոլորտին մէջ գործակցութիւնը ընդլայնելու կարեւորութիւնը:

Թագաւորը կոչ ուղղեց շրջանային կայունութեան հաստատման համար շարունակելու եղբայրական եւ բարեկամ պետութիւններու հետ համակարգումը:

Ապտալլա Բ. թագաւորը նաեւ ըսաւ. «Սուրիոյ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը հասարակաց առաջնահերթութիւն է»` նշելով, որ Յորդանան կը զօրակցի սուրիացիներու իրենց երկրի կայունութիւնը, գերիշխանութիւնն ու քաղաքացիներու անվտանգութիւնը պահպանելու ջանքերուն:

Ան վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատել եւ մարդասիրական օժանդակութիւններու հոսքը աւելցնել` ընդգծելով. «Յորդանան կտրուկ կերպով կը մերժէ Այսրյորդանանի եւ շրջանին մէջ Իսրայէլի իշխանութիւնը ընդլայնելու ձգտող ծրագիրները»:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Յաջորդը

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.