Չելիք. «ՔԱԿ-ը Կրնայ Քանի Մը Օրէն Զէնքերը Յանձնելու Սկսիլ»
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) կրնայ արդէն քանի մը օրուան ընթացքին սկսիլ զէնքերը յանձնելու հոլովոյթը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Էօմեր Չելիք: Չելիք աւելցուցած է, որ յառաջիկայ օրերը պիտի ըլլան «չափազանց կարեւոր` ահաբեկչութենէ ազատ Թուրքիա ունենալու համար»: Քրտական կուսակցութիւնը, որ աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր արիւնալի տագնապի մէջ...




















