Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ սկսած է կազմակերպումը իր ռուս եւ ուքրանացի պաշտօնակիցներ Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ խաղաղութեան երկկողմանի վեհաժողովի մը, որուն պիտի հետեւի իր մասնակցութեամբ եռակողմ վեհաժողով մը:

Թրամփ Սպիտակ տան մէջ Զելենսքին ու եւրոպացի ղեկավարներ հիւրընկալելէ ետք յայտնեց, որ ժողովի աւարտին հեռաձայնած է Փութինի, «եւ սկսայ կազմակերպումը նախագահ Փութինի եւ նախագահ Զելենսքիի միջեւ ժողովի մը, որուն վայրը պիտի ճշդուի»:

Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վանսը, արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն եւ յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը պիտի զբաղին ժողովին կազմակերպումով:

Թրամփ նշեց, որ ժողովի ընթացքին քննարկուած են Ուքրանիոյ համար ապահովական երաշխիքները, որոնք եւրոպական պետութիւնները պիտի ներկայացնեն` Միացեալ Նահանգներուն հետ համակարգաբար:

Քրեմլին իր կարգին յայտնեց, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ դրական տրամադրուած է Ուքրանիոյ հետ ուղղակի բանակցութիւնները «աւելի բարձր մակարդակի» բարձրացնելու:

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիշ Մերց ըսաւ, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն հանդիպումը երկու շաբաթէն տեղի պիտի ունենայ` աւելցնելով, որ անոր վայրը չէ ճշդուած:

Մերց ըսաւ, որ Թրամփի, Զելենսքիի եւ եւրոպացի ղեկավարներուն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր, եւ ընդունեց, որ ուքրանական թղթածրարին մէջ յաջորդ քայլերը պիտի ըլլան աւելի բարդ` շեշտելով, որ Ուքրանիոյ պէտք չէ ստիպել խաղաղութեան որեւէ հաւանական համաձայնութեան մէջ Տոնպասը Ռուսիոյ զիջիլ:

Զելենսքի Թրամփի եւ եւրոպացի ղեկավարներու հետ իր ժողովէն ետք ըսաւ, որ աշխատանք պիտի տարուի հաւանաբար 10 օրուան ընթացքին Քիեւի ապահովական երաշխիքները ճշդելու:

Ան ըսաւ, որ Թրամփի հետ «շատ զգայուն կէտեր» քննարկած է, եւ շեշտեց, որ «Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը կախեալ է Միացեալ Նահանգներէն» եւ Եւրոպայէն, ինչպէս նաեւ շեշտեց գերիներու փոխանակման եւ Ռուսիոյ «առեւանգած» մանուկներու վերադարձի նման մարդասիրական հարցերու կարեւորութիւնը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Սպիտակ տան մէջ ժողովը «չափազանց յաջող» էր:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին ժողովէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ տրամադրուելիք ապահովական երաշխիքներէն մէկը պէտք է անոր հզօր բանակ ունենալը ըլլայ, որպէսզի բաւարար ըլլայ որեւէ ռուսական նոր յարձակում ետ մղելու, ուստի զինուորներու թիւի կամ սպառազինութեան սահմանափակում պէտք չէ ըլլայ:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները խստացնելու, եթէ խաղաղութեան սպասուող բանակցութիւնները ձախողին:

Մաքրոն Թրամփի Ռուսիա-Ուքրանիա-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ ժողովի գումարում առաջարկելէն ետք կոչ ուղղեց` գումարելու եւրոպացիներու մասնակցութեամբ քառակողմ ժողով մը:

«Կը կարծեմ, որ կարիքը պիտի ունենանք քառակողմ ժողովի մը, որովհետեւ, երբ կը խօսինք ապահովական երաշխիքներու մասին, կը խօսինք ամբողջ եւրոպական ցամաքամասի անվտանգութեան մասին», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը հասանելի է եւ կարելի է զայն մօտիկ ապագային իրագործել:

Սպիտակ տան մէջ ժողովին Թրամփի եւ Զելենսքիի կողքին մասնակից էին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը, Ֆրանսայի նախագահը, Գերմանիոյ վարչապետը, Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը, Ֆինլանտայի նախագահ Ալեքսանտեր Սթոփը, Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնին եւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Յիշեցնենք, որ ուրբաթ, 15 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Ալասքա նահանգի Էնքըրէյճ քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Թրամփ-Փութին վեհաժողովը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի լուծումը եւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Յաջորդը

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս  Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Զէնք Եւ Գումար Չեն Տրամադրեր»

Օգոստոս 20, 2025
Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի  Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»
Միջազգային

Մաքրոն. «Ես Կողմ Եմ, Որ Փութին-Զելենսքի Բանակցութիւնները Տեղի Ունենան Ժընեւի Մէջ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?