Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

August 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց. «Մոսկուան զօրակցութիւն կը յայտնէ ուքրանական տագնապի արմատական պատճառներէն ձերբազատուելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ եւ միայն զինադադարի հաստատման նման լուծումներ առաջարկողներուն ականջ չտալու ամերիկեան տեսլականին»:

Լաւրով Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր գործընկերներուն կողմէ տագնապին արմատական պատճառներուն վերջ տալու եւ անմիջապէս զինադադար հաստատելու վերաբերեալ գեղեցիկ կարգախօսներ բարձրացնողներուն զօրակցիլ չփորձելու աճող գիտակցութիւն կը տեսնենք: Անոնք միեւնոյնը կ՛ըսեն, թէ զինադադարը Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարման շարունակում պիտի չնշանակէ»:

Ան յայտնեց, որ Ռուսիան պատրաստ է Ուքրանիոյ հետ քննարկելու կարգաւորման քաղաքական երեւոյթները, սակայն Քիեւէն տակաւին պատասխան չէ ստացած Պոլսոյ հոլովոյթի ծիրին մէջ օրակարգի հարցերը աւելի որոշակի կերպով քննարկելու համար աշխատանքային երեք` զինուորական, մարդասիրական եւ քաղաքական հարցերու խումբեր ստեղծելու առաջարկին:

Ան նշեց, որ Մոսկուան համաձայն է, որ Ռուսիան եւս Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներ պէտք է ապահովէ:

«Մենք չենք կրնար համաձայնիլ այն բանին, որ հիմա կ՛առաջարկուի անվտանգութեան հարցերը, հաւաքական անվտանգութիւնը լուծել առանց Ռուսիոյ: Ասիկա պիտի չյաջողի: Մենք արդէն մէկ անգամ չէ, որ բացատրած ենք, թէ Ռուսիան իր շահերը չի չափազանցեր, սակայն մենք մեր օրինական շահերը պիտի պաշտպանենք վճռականօրէն եւ խստօրէն: Եւ ես վստահ եմ, որ Արեւմուտքի մէջ, նախ եւ առաջ` Միացեալ Նահանգներու մէջ, հիանալի կը հասկնան, որ անվտանգութեան ապահովման հարցերու առանց Ռուսիոյ լուրջ քննարկումը պատրանք է, ոչ մէկ տեղ տանող ճամբայ», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Ռուսիան կը զօրակցի կարելի եղածին չափ շուտ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու սկսման, եւ կարեւորագոյն քայլը մարդասիրական տագնապը յաղթահարելն է», նշեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

 

Նախորդը

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Յաջորդը

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.