Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Փութինի Հետ Բանակցութիւնները Կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ Կամ Թուրքիոյ Մէջ Տեղի Ունենալ»

Օգոստոս 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ռուսիան հարաւային ռազմաճակատին վրայ իր ուժերը կ՛ամրապնդէ»:

«Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը կարելի է անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ համաձայնութենէն ետք», նշեց Զելենսքի` աւելցնելով. «Փութինի հետ բանակցութիւնները կրնան Զուիցերիոյ, Աւստրիոյ կամ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալ»:

Ան նաեւ նշեց. «Չինաստանը Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւոր չի կրնար ըլլալ»:

Ուքրանիոյ նախագահը նաեւ աւելցուց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն խնդրեցի ճնշում բանեցնել Հունգարիոյ վրայ, որպէսզի դադրեցնէ Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խոչընդոտումը»:

Զելենսքիի գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Երմաք իտալական «Քորիերէ Տելլա Սերա» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պնդեց, որ նախ կը նախատեսուին Փութինի եւ Զելենսքիի միջեւ բանակցութիւններ, ապա անմիջապէս եռակողմ վեհաժողով Թրամփի հետ:

«Մենք տակաւին չենք գիտեր, թէ ատիկա ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ: Ցանկին վրայ կան տարբեր վայրեր` Ժընեւ, Պոլիս, Վատիկան, Սէուտական Արաբիա: Պուտափեշթը, ի հարկէ, յիշատակուած է 1994 թուականի չկատարուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ, սակայն այս վայրը նախընտրելի չէ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Մոսկուան իբրեւ հանդիպման վայր չէ քննարկուած:

Երմաք նաեւ յոյս յայտնած է, որ Չինաստան կրնայ ներգրաւուիլ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ: «Այս պահուս Փեքին չի մասնակցիր բանակցութիւններու նախապատրաստման, սակայն ես յոյս ունիմ, որ ատիկա շուտով տեղի կ՛ունենայ», նշած է ան:

Երմաքի համաձայն, տարածքներու հարցը պիտի քննարկեն միայն ղեկավարները: Ան ընդունած է, որ ուքրանական զօրքերը ի վիճակի չեն վերադարձնել կորսուած շրջանները:

«Մենք պէտք է բանակցինք` հիմնուելով ներկայ շփման գիծի վրայ. մենք հաշուի կ՛առնենք ներկայ իրողութիւնները եւ ատիկա պիտի քննարկենք», ըսած է ան` կրկնելով, որ Ուքրանիան մտադիր չէ հրաժարիլ իր տարածքներէն:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ֆրանսայի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու ծիրին մէջ որեւէ ջանք հիւրընկալելու»:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան  Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման  Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»
Գլխաւոր լուրեր

Զաքի. «Կը Զօրակցինք Պետութեան Իշխանութեան Իր Բոլոր Հողերուն Վրայ Տարածման Եւ Զէնքը Իր Մենաշնորհը Դարձնելու Գաղափարին»

Օգոստոս 22, 2025
Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս  Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց
Գլխաւոր լուրեր

Բանակը Պըրժ Պարաժինէ Եւ Պաս Գաղթակայաններէն Ապօրինի Զէնք Ստանձնեց

Օգոստոս 22, 2025
Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր  Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Փութին Չի Պատրաստուիր Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու»

Օգոստոս 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?