Գլխաւոր լուրեր

Յուղարկաւորութիւն` Ազգային  Բարերար Կարպիս Նազարեանի

Յուղարկաւորութիւն` Ազգային Բարերար Կարպիս Նազարեանի

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 փետրուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային բարերար Կարպիս Նազարեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ներկայ էին լիբանանահայ գաղութի բոլոր շրջանակներու ներկայացուցիչներ եւ ժողովրդային հոծ բազմութիւն մը: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին ներկայացուց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, իսկ...

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը,  Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

«Եոհան». Իսկական Փոթորիկ Մը, Որուն Պիտի Յաջորդէ Սաստիկ Ցուրտը

«Եոհան» դարձաւ իսկական փոթորիկ մը, որ պատճառեց տեղատարափ անձրեւներ, ծովուն մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց, ծովուն ալիքները 6 մեթր բարձրացան, ծառեր արմատախիլ դարձան, ծանուցումներու հսկայ պաստառներ փուլ եկան, ինչպէս նաեւ ջերմաստիճանը նուազեցաւ 3-ի եւ 4-ի: «Եոհան», որ Լիբանան հասած էր Պալքաններէն, միախառնուած էր Սինայի անապատներուն աւազամրրիկին եւ այդ պատճառով ալ իբրեւ ցեխ հասած էր Լիբանան: «Եոհան» պատճառեց նիւթական մեծ...

Ակնարկ.  «Ուլուսալ Քանալ»-ի  Մատնած Անհանգստութիւնը

Ակնարկ. «Ուլուսալ Քանալ»-ի Մատնած Անհանգստութիւնը

Հասկնալի է ու պարզ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուած Համահայկական հռչակագիրը աննկատ չէր կրնար անցնիլ Անգարայի կողմէ: Անշուշտ նախ եւ առաջ Հայաստանի Հանրապետութիւն - սփիւռք թրքական տարանջատման խաղերուն տեղ չէ ձգուած, բայց խորքին մէջ ամէնէն անհանգստացնող բաժինները կ՛ենթադրուին ըլլալ Սեւրի պայմանագիրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին կատարուած կարեւոր յղումները: Այս երկու նշումները փաստօրէն 100-ամեակին նախօրեակին պատրաստութեան ընթացքի մէջ եղող հատուցման...

Խորհրդակցութիւն` Ցեղասպանութեան  100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն  Նախապատրաստման Վերաբերեալ

Խորհրդակցութիւն` Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն Նախապատրաստման Վերաբերեալ

Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մարմիններու ղեկավար անձնակազմին  մասնակցութեամբ հրաւիրուած խորհրդակցութիւնը վարած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Խորհրդակցութեան մասնակցողներուն ներկայացուած են ձեռնարկներուն ծրագիրը, «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսին ներքեւ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ...

Միրզոյեան Տեսակցեցաւ  Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Միրզոյեան Տեսակցեցաւ Եւրոպական Միութեան Ներկայացուցիչին Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան երէկ տեսակցած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ  ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերի հետ: «Հանդիպումին ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակած են Եւրոպական Միութեան եւ  Արցախի միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւններու հեռանկարներուն շուրջ: Կարէն Միրզոյեան կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներու Արցախ անարգել մուտքի ապահովումը եւ հրաւիրած Հերպըրթ Զալպերը իր...

Ազգային Բարերար  Կարպիս Լ. Նազարեան Ոչ Եւս Է

Ազգային Բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան Ոչ Եւս Է

Կիրակի օր իր մահկանացուն կնքեց Ազգային բարերար Կարպիս Լ. Նազարեան: Նազարեան ծնած է Այնթէպ 24 ապրիլ 1915-ին: Սերած է Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիէն դէպի Ջուղա եւ ապա Այնթէպ գաղթած Նազարեան յայտնի գերդաստանէն: 17 յուլիս 1915-ին Նազարեանները կը տարագրուին Տարաա, Սուրիոյ Հորանի շրջան եւ ապա Դամասկոս: Երբ 15 մարտ 1921-ին ֆրանսական զօրքը կը լքէ Այնթէպը, քաղաքի հայ բնակչութիւնը կը հետեւի անոր եւ...

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ Ընդհանուր Ժողովը

Երեքշաբթի, 10 փետրուար 2015-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) 5-րդ ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ ԱՌԻ-ի բաժնետէր մեծաթիւ անդամներու եւ պատկան մարմիններու: Ժողովը բացուած յայտարարեց ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք յետադարձ ակնարկ մը նետեց անցնող 5 տարիներուն ընթացքին ԱՌԻ-ի տարած աշխատանքին, անոր արձագանգին եւ յաջողութեան արդիւնքներուն: Ան նշեց, որ ԱՌԻ-ի սրբազան նպատակն է...

Ռուստամեան. «Հայաստանին  Անհրաժեշտ Են Նոր Որակի Իշխանութիւններ»

Ռուստամեան. «Հայաստանին Անհրաժեշտ Են Նոր Որակի Իշխանութիւններ»

Հայաստանը միշտ ալ պատերազմի մէջ էր, ինչու այդ ընթացքին կառավարման խորհրդարանական համակարգին կողմ էին այդ նոյն մարդիկ: Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով ոչ իշխանական քաղաքական հասարակական ուժերու խորհրդաժողովի ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի յայտարարութեան, թէ կիսապատերազմական պայմաններու մէջ, երբ սահմանին վրայ ամէն օր կը կրակեն,...

Հանդիպում ՀՅԴ «Սիմոն  Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

Հանդիպում ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնին Մէջ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 փետրուարին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան  եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Սամուէլ Երանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի եւ Հայաստանի ՀՅԴ 10 մարզային կոմիտէներու  ներկայացուցիչներու հետ: Աղուան Վարդանեան մարզային կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն ներկայացուցած է վերջերս աւարտած ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած բանաձեւերը, քննարկուած են յառաջիկայ...

Մարտակերտի Մէջ Նշուեցաւ  ՀՅԴ-ի 124-Ամեակը

Մարտակերտի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 124-Ամեակը

5 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Մարտակերտի շրջանային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ 124- ամեակը: Ձեռնարկին սկիզբը ներկաները այցելեցին Մարտակերտի յուշահամալիր եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին արցախեան պատերազմի ընթացքին նահատակուած ազատամարտիկներուն, որմէ ետք տեղի ունեցաւ խումբ մը երիտասարդներու երդման արարողութիւնը: Այնուհետեւ Մարտակերտի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ  հանդիսաւոր տօնակատարութիւն: Ձեռնարկին ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլատիկ Խաչատրեան, ՀՅԴ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը  Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական  Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ  Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը Միասնական Ոգիով Ու Ամուր Վճռակամութեամբ Նշելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը

Անցնող երեք օրերուն ընթացքին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը` մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն: Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց թեմակալ առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ: Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան հետեւեալ նիւթերուն. 1) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի...

Հալէպի Զանազան Շրջանները, Ներառեալ Հայաբնակ Թաղամասերը Քանի Մը Տասնեակ Հրթիռներու Թիրախ Դարձան. Գօգօ Գըպըճեան Զոհուեցաւ

Հալէպի Զանազան Շրջանները, Ներառեալ Հայաբնակ Թաղամասերը Քանի Մը Տասնեակ Հրթիռներու Թիրախ Դարձան. Գօգօ Գըպըճեան Զոհուեցաւ

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպ քաղաքի զանազան շրջաններ ուրբաթ, 6 եւ, շաբաթ, 7 փետրուար 2015-ին, զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ենթարկուեցան հրթիռակոծման, այս պատճառով ալ միայն ուրբաթ օր վիրաւորուեցան 23 քաղաքացիներ, արձանագրուեցան նիւթական վնասներ: Հայաբնակ Նոր Գիւղ շրջանը եւս իր բաժինը ստացաւ վնասներէն, յատկապէս «Ուարշեթ Քուէյթ»-ի արհեստանոցին դիմացը: Զինեալ խմբաւորումներու կողմէ շաբաթ օր եւս հրթիռակոծման ենթարկուեցան զանազան շրջաններ եւ թաղամասեր, որոնց...

Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Ցուցահանդէսին Մէջ Հայերու Դէմ Թշնամական Դիրքաւորում

Ակնարկ. Կալիփոլի. Հակաքայլ` Երկու Ուղղութեամբ

Կալիփոլիի հակաքայլով Անգարան պարզ դարձուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման միտող իր քաղաքականութիւնը: Կալիփոլիի 100-ամեակի նշման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք էր միայն, որ պաշտօնական Անգարան յստակ դարձուց, որ պիտի չընդունի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երեւանեան նշումին ներկայ ըլլալու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրը: Մինչ այդ, փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահին լռութիւնը հրաւէրին չընդառաջելու հիմնաւորումի բացակայութիւնն էր: Հիմա, Կալիփոլի-Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Անգարա-Երեւան նշումներու մրցապայքարի ազդանշանը տրուած...

Ռուստամեան. «Ի՞Նչ Տեսակէտ Պէտք Է Յայտնէ  ՀՅԴ-ն Իր Իսկ Ներկայացուցած  Գաղափարներուն Վերաբերեալ»

Ռուստամեան. «Ի՞Նչ Տեսակէտ Պէտք Է Յայտնէ ՀՅԴ-ն Իր Իսկ Ներկայացուցած Գաղափարներուն Վերաբերեալ»

Խորհրդարանական ասուլիսներու ընթացքին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, երէկ ամփոփելով քառօրեան, առանձնացուցած է «Շրջանառութեան հարկի» մասին օրէնքի յետաձգման հարցը եւ վերահսկիչ տան հաշուետուութեան հարցը: Ան նշած է, որ Վերահսկիչ տան հաշուետուութեան կապուած դէպքերը պէտք է բացառուին, եւ ամէն ինչ պէտք է օրէնքին համապատասխան կատարուի, ինչ որ չէ կատարուած: Լրագրողները հարցում ուղղած են Արմէն Ռուստամեանին ոչ իշխանական ուժերու կողմէ...

Հայու Գոյատեւման Խորհրդանիշներու  Պահպանման Ծիրին Մէջ.  Շնորհահանդէս «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւնը» Հատորին

Հայու Գոյատեւման Խորհրդանիշներու Պահպանման Ծիրին Մէջ. Շնորհահանդէս «Ուրֆայի Ասեղնագործութիւնը» Հատորին

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ յատուկ շնորհահանդէս մը` «Ուրֆայի ասեղնագործութիւնը» հատորին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ...

Հարցազրոյց Թաթուլ  Յակոբեանի Հետ

Հարցազրոյց Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ին, «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, այդ առիթով որդեգրուած Համահայկական հռչակագիրին եւ բաղդատական մը կատարուեցաւ վերջինիս ու ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն միջեւ: Խօսելով 100-ամեակին բաղդատմամբ այլ ամեակներու ներկայացուցած կարեւորութեան մասին`...

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ. «Յանուն Երկրի Անվտանգութեան` Պատրաստ Ենք Համագործակցելու Բոլորի Հետ»

Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ. «Յանուն Երկրի Անվտանգութեան` Պատրաստ Ենք Համագործակցելու Բոլորի Հետ»

Շաբաթ, 24 յունուարի ուշ երեկոյեան աւարտեցաւ ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողովը: «Երկրի հարցը» յայտագիրը այս առիթով հիւրընկալած էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը, որուն հետ կատարուած հարցազրոյցը կը հրապարակենք ստորեւ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Նախ թոյլ տուէք շնորհաւորել, միանում եմ բոլոր շնորհաւորանքներին, որ այս օրերին հնչում են Հայաստանից եւ սփիւռքից: Պարո՛ն Մարգարեան, պաշտօնական հաղորդագրութիւնները կարծես ամէն ինչ ասում են, բայց իրականում շատ քիչ բան...

Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին Մէջ  Տեղի Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան –  Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Վերակազմութիւնը

Եւրոպական Միութեան Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եւրոպական Խորհրդարան – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբի Վերակազմութիւնը

4 փետրուար 2015-ին Եւրոպական Միութեան խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական խորհրդարան - Հայաստան բարեկամութեան խումբի վերակազմութեան յայտարարութեան պաշտօնական արարողութիւնը: Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանի 8-րդ նստաշրջանը` Եւրոպական խորհրդարանի մայիս 2014-ի ընտրութիւններէն սկսեալ` ունեցաւ վերակազմուած բարեկամութեան խումբը, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր խումբերէն 45 անդամներու մասնակցութեամբ: Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը առաջին անգամ կազմուած էր յունուար 2013-ին. անոր յայտարարութեան ընթացքին ներկայ էր այն...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire  De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence»  Գիրքի Ներկայացում

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire De La Grande Famine Au Mont-Liban (1915-1918) Un Génocide Passé Sous Silence» Գիրքի Ներկայացում

Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ` Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Անթուան Լ. Պուսթանիի «Histoire de la Grande famine au Mont-Liban(1915-1918) Un génocide passé sous silence» գիրքին ներկայացումը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 5 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ: Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակներու յիշատակը, ապա «Ֆայհա»...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Կը Պարգեւատրէ  Գրիգոր Մահսէրէճեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Պարգեւատրէ Գրիգոր Մահսէրէճեանը

Չորեքշաբթի, 4 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Գրիգոր Մահսէրէճեանը: Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը, շրջանին մէջ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պարգեւատրեալին բարեկամներն ու դասընկերները:...

Page 788 of 795 1 … 787 788 789 … 795

Արխիւներ