Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Ղեկավարը Տեսակցեցաւ Հայաստանի Ղեկավարութեան Հետ

Ապրիլ 9, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10392_bՄիջազգային դրամական ֆոնտի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Մարք Հորթոն երէկ տեսակցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան  ներկայացուցիչներուն հետ համակողմանի քննարկումներէն ետք Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայ առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ըլլայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ  ընդունած է Միջազգային դրամական ֆոնտի հայաստանեան առաքելութեան ղեկավար Մարք Հորթոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման  ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ Միջազգային դրամական ֆոնտի մնայուն ներկայացուցիչ Թերեզա Տապան Սանչես: Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը եւ այս ծիրին մէջ անդրադարձած` Հայաստանի տնտեսական իրավիճակին եւ զարգացման միտումներուն, հարկային, պիւտճէական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան առնչուող հարցերու: Քննարկուած են տարբեր, որոնց շարքին` ուժանիւթի, գիւղատնտեսութեան եւ  արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ միացեալ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող «Երկարաձգուող ֆինանսաւորման» (EFF)/«Երկարաձգուող վարկաւորման» (ECF) ծրագիրի ծիրին մէջ տնտեսութեան աջակցութեան ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւնները: Վարչապետը նշած է, որ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ տնտեսական աճի ապահովման, գործարար միջավայրի բարելաւման, արտահանման խթանման եւ ներդրումներու ներգրաւման  ուղղուած բարեփոխումները: Մարք Հորթոն իր կարգին կարեւոր նկատած է տնտեսական կայունութեան եւ աճի ապահովման նպատակով ձեռնարկուող նախաձեռնութիւններու եւ քայլերու  շարունակականութիւնը: Արծարծուած են նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն, հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան եւ երկկողմանի գործակցութեան վերաբերող այլ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Արցախի Բանակի 20-Ամեայ Զինուոր Զոհուած Է

Յաջորդը

Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Իտալիա Հասաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?