Ֆրանսայի Նախագահ Հոլլանտէն Նամակ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն: Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս-Լիբանան Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան ինծի ուղղած Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած ստացած էր` աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը իբրեւ հետեւանք: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն էր, որ յարձակումի կ’ենթարկուէր: Արդարեւ, ժողովրդավարութիւնը...




















