Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Պետութիւններու Դեսպանատուներու Դէմ Կատարուած Ցոյցերու Շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան Եւ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները Ցոյց Մը Կատարեցին Գերմանիոյ Դեսպանատան Դիմաց

Ապրիլ 10, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-09-015_Germany1Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութեան եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան դիմաց կատարուած ցոյցերէն ետք, երէկ, կէսօրին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան  100 անդամներ քաղաքակիրթ խաղաղ ցոյց մը կատարեցին Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան դիմաց` պահանջելով, որ Գերմանիոյ օրէնսդիր մարմինը` Պունտեսթակը որդեգրէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնք  մը: Ցուցարարները Պերլինի իշխանութիւններէն պահանջեցին նաեւ ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ձեռնարկէ ամբողջական հատուցման քայլերու:

Դեսպանատան դիմաց, Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները երգեցին ազգային-հայրենասիրական երգեր եւ պարզեցին արդարութեան վերահաստատումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներուն վերականգնումը պահանջող պաստառներ:

4-09-15_Germany6Այս առիթով, ցուցարարները պահանջագիր մը ներկայացուցին գերման իշխանութիւններուն: Պահանջագիրը ստանձնելու համար ցուցարարներուն ներկայացաւ դեսպանատան առաջին քարտուղար Կիորկ Վալանտէ, որ դեսպանին երկրէն բացակայութիւնը նշելով` հասկացողութիւն ցուցաբերեց ցուցարարներու պահանջներուն եւ խոստացաւ անոնց պահանջագիրը անյապաղ փոխանցել արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն:

Յանձնուած պահանջագիրը հետեւեալ բովանդակութիւնը ունի.

 

Կոչ Գերմանիոյ Հանրապետութեան Դաշնակցային
Կառավարութեան Եւ Գերմանիոյ Պունտեսթակին

 

24 ապրիլ 2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Հարիւրամեակի նախօրեակին, գնահատանքով կը յիշենք յունիս 2005-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակի որդեգրած բանաձեւը, որ լիակատարօրէն կ՛անդրադառնար Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին օսմանցի թուրքերու գործած ոճիրին: Բանաձեւը կը դատապարտէր Օսմանեան կայսրութեան Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան արարքները, կը շեշտէր ոճիրին կանխամտածուած, ծրագրուած եւ կիրարկուած ըլլալու հանգամանքը, կ՛ընդգծէր սպանդին տարողութիւնը եւ բարբարոսական բնոյթը: Բանաձեւը կը մեղադրէր Թուրքիոյ յաջորդական կառավարութիւնները` 1915-ի իրականութեան ժխտման եւ այլախոհ մտաւորականներ ճնշելու քաղաքականութիւններուն համար:

Պունտեսթակի 2005-ի բանաձեւը կ՛անդրադառնար նաեւ Գերմանիոյ պատասխանատուութեան, յատկապէս գերմանական Ռայխի անարգ անտարբերութեան (հակառակ զարգացումներու ընթացքէն անոր տեղեկացուածութեան) եւ հայ ժողովուրդը հարուածած Եղեռնի հետագայ մոռացութեան մէջ Գերմանիոյ ներդրումին:

Հակառակ վերոնշեալներուն, բանաձեւը միայն մէկ առիթով կ՛օգտագործէր Ցեղասպանութիւն եզրը` նկարագրելու համար այլոց դիրքորոշումները Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ընդգծելով, որ «բազմաթիւ անկախ պատմաբաններ, խորհրդարանականներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ հայերու բռնագաղթը եւ բնաջնջումը կը նկարագրեն իբրեւ ցեղասպանութիւն»:

Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգներ կը հաւատանք, որ Գերմանիա վաղուց պէտք է որդեգրած ըլլար Հայոց ցեղասպանութեան մասին աւելի ուժգին եւ աւելի համարձակ բանաձեւ մը: Հաշուի առնելով Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Գերմանիոյ առանցքային դերակատարութիւնը եւ հիմնուելով նոյնի՛նքն Գերմանիոյ ազգային պատմական փորձառութեան վրայ, Գերմանիա վճռական դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի լուծման մէջ:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախօրեակին, կոչ կ՛ուղղենք Գերմանիոյ Պունտեսթակին որդեգրելու բանաձեւ մը, որ ուղղակիօրէն եւ աներկբայօրէն կ՛արտացոլէ Պունտեսթակին եւ գերմանացի ժողովուրդին տեսակէտը Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Կը պահանջենք Պունտեսթակէն որդեգրել օրէնքներ, որոնք կը քրէականացնեն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը Գերմանիոյ մէջ:

Կը յորդորենք Գերմանիոյ կառավարութեան` ճնշում բանեցնելու Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ան ընդունի Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ձեռնարկէ ամբողջական հատուցման քայլերու:

Կը խրախուսենք Գերմանիոյ կառավարութիւնը` դառնալու առաջամարտիկը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւին եւ հետապնդելու ցեղասպանութեան զոհերուն համար պատմական արդարութեան վերահաստատումը եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերականգնումը:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նշման նախօրեակին, մենք` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներու ժառանգները, կը հաստատենք, որ  աւելի քան երբեք կը մնանք պահանջատէր` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ հայ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու արդար դատի հետապնդման գործին մէջ:

 

ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 

9 ապրիլ, 2015    

 

Միւս կողմէ, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններու անդամները ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնէն շարժեցան դէպի Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուն` պահանջելով ճանչնալ եւ դատապարտել Ցեղասպանութիւնը:

Դաշնակցական երիտասարդները կը պատրաստուէին դեսպանին միջոցով նամակ-պահանջագիր յանձնել Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան եւ Պունտեսթակին, սակայն դեսպանատան ոչ մէկ աշխատակից իջաւ` պահանջագիրը վերցնելու:

Դեսպանատան անվտանգութեան աշխատակիցը բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն տեղեկացուց, որ դեսպանը խիստ ծանրաբեռնուած է, իսկ ներկայացուցիչներէն ոչ ոք կը ցանկայ իջնել: Ան առաջարկեց պահանջագիրը յանձնել իրեն, սակայն ցոյցի մասնակիցները մերժեցին առաջարկը եւ հեռացան: Ժամանակ մը ետք դեսպանը իջած է երիտասարդներուն հետ հանդիպում ունենալու համար, բայց արդէն ուշ էր:

Յայտնենք, որ  Հոլանտայի ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւնը, Քանատայի ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները եւ Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան երիտասարդներն ու ուսանողները իրենց երկիրներուն մէջ Գերմանիոյ դեսպանատուներուն յանձնած են նոյն բովանդակութեամբ պահանջագիրը:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինին` Բացում` Արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի Գործերու Ցուցահանդէսին

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան.  Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս
Գաղութային

Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան. Պուրճ Համուտի Եւ Սին Էլ Ֆիլի Ընկերային Եւ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Գործունէութիւնը Ներկայացնող Ցուցահանդէս

Հոկտեմբեր 18, 2025
Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?