Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անասթասիատիս. «Կիպրոս Եղած Է Եւ Միշտ Կը Մնայ Հայաստանի Եղբայրական Երկիրը»

Ապրիլ 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-03-15_1Պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նախանցեալ օր տեսակցած է երկրի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ:

Սահակեան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան խթանումը մշակութային եւ գիտական-կրթական մարզերուն մէջ` նշելով, որ Հայաստան յատուկ կարեւորութիւն կու տայ  տնտեսական կապերու զարգացման: Իբրեւ  համագործակցութեան հեռանկարային եւ  շահաւէտ մարզեր, ան առանձնացուցած է զբօսաշրջութեան եւ դրամատնային մարզերը:

«Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան նոր կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ Կիպրոսի եւ Հայաստանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման համար»,  աւելցուցած է Ազգային ժողովի նախագահը:

Սահակեան նշած է, որ Հայաստան պիտի  շարունակէ ջանքեր գործադրել ցեղասպանութիւններու ճանաչման, դատապարտման եւ կանխարգիլման գործին մէջ: Ան ընդգծած է, որ 24 մարտին Ագգային ժողովը միաձայնութեամբ ընդունած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Պոնտոսի յոյներուն եւ  ասորիներուն նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն: Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է Կիպրոսի` ցեղասպանութիւններու կանխման, ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներու  իրաւունքներու վերականգնման եւ պատմական արդարութեան հաստատման ուղղուած գործունէութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան  կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունման համար:

Անասթասիատիս նշած է, որ Կիպրոս եղած է եւ  միշտ կը մնայ Հայաստանի եղբայրական երկիրը եւ իր ուժերը կը գործադրէ բարեկամ երկրին աջակցելու համար:

Նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս վերահաստատած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու իր որոշումը:

Կիպրոսի նախագահը յայտարարած է, որ տեղեակ ըլլալով Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն, լիովին կը բաժնէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծում տալու Հայաստանի մօտեցումը:

Ազգային ժողովի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութինը նաեւ տեսակցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Եանաքիս Օմիրուի հետ:

Գալուստ Սահակեան խօսած է, մասնաւորապէս, Թուրքիոյ կողմէ Կիպրոսի բաժանման մասին` նշելով, որ Հայաստան երբեք չէ ընդունած եւ չ՛ընդունիր եղբայրական Կիպրոսը մասնատելու փորձը: Ան նշած է, որ Հայաստան կողմ է բանակցութիւններու ճամբով Կիպրոսի տագնապի խաղաղ լուծման` հիմք ընդունելով ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն մէջ արտայայտուած սկզբունքները, որոնց համաձայն, Կիպրոսի տագնապի լուծումը պէտք է հիմնուի երկհամայնք, երկշրջան դաշնակցային կառոյցի վրայ, մէկ ընդհանուր իշխանութեամբ եւ մէկ քաղաքացիութեամբ:

Նախորդը

ԱՊՀ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին Համաձայնութիւն Գոյացած Է Սահմանային Անվտանգութեան Առնչուող Փաստաթուղթերու Շուրջ

Յաջորդը

Ռիպերի Եւ Ուրիշներ Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?