Ս. Էջմիածինի Մէջ

Կիրակի, 5 ապրիլին Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին նշեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնը: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս` աշխարհասփիւռ հայութեան փոխանցելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» յաղթական աւետիսը:
Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան: Պատարագին կը մասնակցէին նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, կառավարութեան անդամներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ մշակոյթի գործիչներ, բազում ուխտաւորներ:
Հայրապետական հանդիսաւոր թափօրի ընթացքին ամպհովանին կրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական վարչութեան պետ Արթուր Օսիկեան, «Արաբկիր» բժշկական համալիրի տնօրէն Արման Բաբլոյեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բարեգործական ծրագիրներու համակարգման յանձնախումբի նախագահ Սիմոն Տէր Սիմոնեան:
Արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Ս. Յարութեան տօնին առիթով յղեց իր պատգամը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշեց. «Մեր ժողովուրդին ընթացքը պատմութեան հոլովոյթներուն մէջ յաճախ եղաւ նմանութիւն Քրիստոսին: Յաճախ չարչարանաց Գողգոթա բարձրացանք, խաչակից եղանք Տիրոջը եւ Անոր Յարութեան հաւատքով յարութիւն առինք:
«Քրիստոսի Ս. Յարութեան լուսապայծառ տօնի այս հիասքանչ օրը մենք կ՛աղօթենք նաեւ Ցեղասպանութեան մեր նահատակներուն համար: Մէկ դար առաջ էր, երբ մեր ժողովուրդին զաւակները հայ եւ քրիստոնեայ ըլլալու համար անլուր տառապանքներով Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան: Աշխարհին, ամբողջ մարդկութեան մեր ժողովուրդը իր նահատակութեամբ եւ իր յարուցեալ կեանքով վկայեց յարութեան հրաշքի ճշմարտութիւնը:
«Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման ու դատապարտման համար մէկ դար պայքարեցանք եւ կը շարունակենք պայքարիլ` արդարութեան յաղթանակին հաւատքով», յայտնեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը:
Անթիլիասի Մէջ
«Քրիստոսի յարութիւնը լոյսին յաղթանակն է խաւարին դէմ»: Այս բառերով Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Անթիլիասի մայրավանքէն հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ան ըսաւ. «Աստուծոյ Որդին գերեզման իջեցնելով մարդիկ կարծեցին, որ կեանքի ու ճշմարտութեան լոյսը կարելի է թաղել: Քրիստոս իր յարութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ ո՛չ, կարելի չէ լոյսը գերեզմանել: Քրիստոնէական հասկացողութեամբ լոյսը հոմանիշ է ճշմարտութեան, յաւիտենական կեանքի: Քրիստոս ըսաւ` ես եմ լոյսը աշխարհին, այլ խօսքով` Քրիստոս ըսաւ, թէ վաւերական կեանքը, յաւիտենական ճշմարտութիւնը, երկնային արժէքները ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք: Աշխարհին հրամցուցած բոլոր «արժէք»-ները եւ «ճշմարտութիւն»-ները փուճ են ու ժամանակաւոր. անոնք խաւարով պատուած են ու տիրապետուած եւ անոնց վախճանը խաւար է միայն: Քրիստոս խաւար գերեզման իջնելով յաղթեց խաւարին: Ուր լոյսը գոյ է, հոն խաւարը չի կրնար գոյ դառնալ: Այլ խօսքով` լոյս եւ խաւար չեն կրնար գոյակցիլ: Ուր Քրիստոս կայ, հոն յաւիտենական լոյսը կը ճառագայթէ: Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն է լոյսին: Քրիստոսի յարութեամբ հզօրացած, Քրիստոսի հետեւորդները միշտ պիտի յաղթեն խաւարին, խաւարածին մտածումներուն, գործերուն ու խաւարացեալ մարդոց»:
Ապա, անդրադառնալով Քրիստոսի յարութեան լոյսով իր կեանքը շաղախած հայ ժողովուրդին, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պատմութեան խաւարին դիմաց մենք Քրիստոսի յարութեան լոյսով պայծառակերպեցինք մեր կեանքը: Մեր թշնամիներու ջարդերուն ու հալածանքներուն դիմաց Քրիստոսի լոյսով զօրացած մենք մեր հայրենիքը պահեցինք, հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւն կատարեցինք: Հարիւր տարիներ առաջ խաւարային ծրագիրներով լեցուն մարդիկ փորձեցին հայ ժողովուրդը գերեզմանել. այսօր, Քրիստոսի յարութեան լոյսով լուսաւորուած մեր ժողովուրդը գերեզմանէն դուրս ելած է եւ Քրիստոսի յարութեամբ կը տօնախմբէ ի՛ր յարութիւնը»:
Ապա Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կացութեան եւ քննադատեց փոքրամասնութիւններու ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերումը ծայրայեղական խմբակներու կողմէ: Ան ըսաւ. «Դարեր շարունակ քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններու հետեւորդները միասին ապրած են փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան մթնոլորտի մէջ: Խումբ մը ծայրայեղականներ իրաւունք չունին պատմութեան մէջ արմատացած երկու կրօններու համակեցութիւնը եւ հասարակաց արժէքներն ու աւանդութիւնները հարցականի տակ առնելու եւ վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծելու շրջանին մէջ: Մեր սպասումն է, որ իսլամ պատասխանատուներ, կրօնական թէ քաղաքական, խիստ կեցուածք որդեգրեն նման շարժումներուն ու երեւոյթներուն դէմ»:
Խօսելով Լիբանանի ներկայ կացութեան մասին` վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը: «Անբնական, անհասկնալի եւ անընդունելի կացութիւն մըն է, երբ ահաւասիկ շուրջ տարիէ մը ի վեր Լիբանան նախագահ չունի: Ուրիշները չէ, որ պիտի ճշդեն այս երկրին ապագան: Մեր դրացիներուն հետ մեր բարեկամութիւնը ու գործակցութիւնը բնական ու անհրաժեշտ է, սակայն այդ բարեկամութիւնն ու գործակցութիւնը իր սահմանները պէտք է ունենայ, այլապէս Լիբանան կը դառնայ ենթակայ ուրիշներու շահերուն: Լիբանանի երեսփոխանները պատմութեան ու ժողովուրդին դիմաց պատասխանատուութիւնը ունին նոր նախագահի ընտրութեան: Անոնք պէտք է տէր կանգնին իրենց պատասխանատուութեան», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Զատկուան պատարագին ներկայ եղաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը: Պատարագէն ետք եւ նոյն օրը յետմիջօրէին վեհափառ հայրապետը շնորհաւորութիւններ ընդունեց: Նշենք, որ այս առիթով վեհափառ հայրապետը շնորհաւորագիրներ ստացաւ Լիբանանի պետական պատասխանատուներէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ թէ դուրս գտնուող հոգեւոր պետերէ:
Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ
Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, կիրակի, 5 ապրիլ 2015-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Իր քարոզին սկիզբը առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Յիսուսի խաչելութեան եւ ապա յարութեան: Ան նկատել տուաւ, որ Աւետարաններուն մէջ յարութեան դէպքը, իբրեւ առանձին դէպք նկարագրուած չէ, այլ ներկայացուած է վախի, սարսափի եւ շփոթի մատնուած դէմքերու միջոցով: Սրբազանը ակնարկեց իւղաբեր կիներուն, աշակերտներուն, Մարիամ Մագդաղենացիին, որոնք վախով լեցուած էին, երբ Յիսուս երեւցած էր իրենց: «Այսօր, 2000 տարիներ ետք մենք վերստին կը քաղենք յարութեան դրուագի պատմութիւնը, որպէսզի անդրադառնանք, թէ այդ օր գերեզմանէն դուրս բերելով իր միածինը` Աստուած իր կամքը յայտնեց աշխարհին», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ այսօր եւս մենք մտքով չենք կրնար լրիւ կերպով ընկալել պատահարը, որովհետեւ մարդկային չափանիշերէ դուրս էր այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ: Ան նկատել տուաւ, որ հաւատքի ճամբով պէտք է փորձենք ընկալել զայն, որովհետեւ Աստուած այս արարքով յայտնեց, թէ մահէն անդին կեանք կայ, եւ աշխարհին պարզեց, որ ինք միշտ ներկայ է, որպէսզի խաւարը լոյսի փոխէ: «Հաւատքով կ՛ընկալուին յարութեան առիթով պատմուածները եւ հաւատքով անոնք կը տեղափոխուին մեր կեանքին մէջ, որպէսզի մենք ալ գիտակցինք, թէ Աստուած այս աշխարհին մէջ մեզի հետ է», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Աստուծոյ կամքն էր, որ իր միածին որդիին միջոցով աշխարհին պարգեւէ յաւիտենական կեանք:
Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` սրբազանը շեշտեց, որ մեր պարտականութիւնն է յիշել մեր նահատակները, որոնք խաչելութեան ճամբէն անցնելով մեզի պարգեւեցին յարութեան կեանք: «100 տարի ետք մենք աշխարհին կը ներկայանանք առանց սուգի, պահանջատիրական գիտակցութեամբ, քաջ գիտնալով որ թէկուզ հայ ժողովուրդը քալեց մահուան ճամբով, սակայն քալեց, որպէսզի եկող սերունդները յարութեան կեանք ունենան», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը եւ նկատել տուաւ, որ Զատկուան տօնին առիթով այս ճշմարտութիւնը պէտք է արթննայ մեր գիտակցութեան մէջ, եւ պէտք է անդրադառնանք, որ անցնող 100 տարիներուն ընթացքին հայ ժողովուրդը ամբողջ սփիւռքի տարածքին ինքզինք վերականգնեց` շնորհիւ հաւաքական մասնակցութեամբ իր հաւատքը արծարծելով, հայ կեանքին մասնակցութիւն բերելով, որպէսզի իր այս արարքով չմեռնի նահատակներուն յիշատակն ու կտակը, այլ մեր հաւաքականութիւնը տանի զայն մեր հաւաքական իղձերուն, տենչերուն, երազներուն եւ մեր արդար իրաւունքներուն:
«Մենք յարուցեալ փրկիչը փառաբանելով կը փառաբանենք նաեւ մեր նահատակները եւ անոնց յիշատակին դիմաց կ՛ուխտենք հաւատարմօրէն պահել իրենց կտակը եւ զայն արժեւորել ի խնդիր մեր գոյութեան մղուած աշխատանքներուն` բերելով մեր մասնակցութիւնը, ի խնդիր հաւատքի պաշտպանութեան` արծարծ պահելով մեր հաւատքը եւ ի խնդիր Հայաստանի առաւել ամրութեան` ըլլալու եւ մնալու հայութեան կողքին, այնքան ատեն որ մենք իբրեւ ժողովուրդ այս աշխարհին մէջ ունինք մեզմէ խլուած իրաւունքներ, որոնց ժառանգորդները կը մնանք առյաւէտ» եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազանը, Ս. Յարութեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւնները ընդունեց Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 6:00:
Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա
Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ
Կիրակի, 5 ապրիլին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Ս. պատարագին եւ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամը:
Ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ պատգամին մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը մեր կեանքին գլխաւոր օրը պէտք է նկատենք, մեր հաւատքին կեդրոնական օրը: Կրնանք ըսել, թէ Քրիստոսի յարութիւնը ամէն քրիստոնեայի հաւատքին տօնն է: Ս. Պօղոս կ՛ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, ձեր հաւատքը պարապ է»: Բայց ստոյգ է, որ Յիսուս յարութիւն առաւ: Ուստի, քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ Յիսուս Քրիստոսի յարութեան հաւատալ: Եւ եթէ այսօր մենք քրիստոնեայ կը կոչուինք, այսինքն` Քրիստոսի աշակերտ ենք, որովհետեւ Քրիստոսի սուրբ յարութեան կը հաւատանք:
Յիսուս Քրիստոսի յարութիւնը կարողութիւն ունի բարեփոխելու իւրաքանչիւր հաւատացեալի ընթացքը, ինչպէս նաեւ մարդկութեան պատմութիւնը: Այս է, որ տեղի ունեցաւ 1714 տարի առաջ հայ ժողովուրդին, երբ հաւատաց Քրիստոսի` շնորհիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի քարոզութեան եւ կեանքի վկայութեան: Անկէ վերջ, հայ ազգը փառապանծ պատմութիւն մը ունեցաւ, ոչ միայն առաջին ժողովուրդը եղաւ, որ քրիստոնէական կրօնը հաստատեց իբրեւ պետական կրօն, այլ նաեւ տալով երեւելի սուրբ հայրապետներ, ինչպէս` Մեծն Սուրբ Ներսէս, Սուրբ Յովհան Մանդակունի, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացի եւ ուրիշներ, ինչպէս նաեւ համաշխարհային համբաւ ունեցող վանականներ, ինչպէս` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրուած եւ կարդացուած սուրբն է, եւ որ նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս սրբազան պապը զայն պաշտօնապէս յառաջիկայ կիրակի օր Տիեզերական եկեղեցւոյ երեսուն վեցերորդ վարդապետ պիտի հռչակէ»:
Պատարագէն ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը. Ս. Զատկուան շնորհաւորութիւնները ընդունեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ: