Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութեան Տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Հոգեւորականութեան Առաքելութիւնը» Խորագիրով Միջազգային Գիտաժողով` Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ապրիլ 8, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
4-08-15_ham
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Ս. Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցած է «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի կ՛ունենայ Ս. Էջմիածինի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Ողջունելով ներկաները` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է  պատմական այն փաստը, որ Ս. Էջմիածինի հովանիին տակ մէկ յարկի տակ հաւաքուած են հայ եկեղեցւոյ բոլոր ուղղութիւններու ներկայացուցիչները: Ան մասնաւորապէս նշած է. «Ամենայն հայոց ուխտատեղի դարձած Ս. Էջմիածինը պատմական եւ աննախընթաց իրողութիւն է, ինչպէս 100 տարի առաջ կը համախմբուէին հայոց հոգեւոր հայրերը` դիմակայելու ազգի գոյատեւման վտանգը, այնպէս ալ այսօր` ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, Հայ դատի արդար լուծման ու հայութեան պահանջատիրութեան հարցով համախոհ է հայ եկեղեցին: Անիկա դարերէ ի վեր եղած է ազգապահպանման կարեւոր գործօններէն մէկը, յատկապէս` հայ ժողովուրդի պետականազուրկ գոյութեան ամբողջ ընթացքին վերածուած է հայապահպանութեան եւ ազգային ինքնութեան կերտման գլխաւոր կեդրոնի: Հայ հոգեւորականութիւնը մեր ժողովուրդին համար օրհասական պահերուն միշտ նեցուկ եղած է անոր եւ այդ իմաստով բացառութիւն չէին նաեւ 1915-էն 1923-ի ժամանակաշրջանը` Հայոց մեծ եղեռնի տարիները, երբ հայ հոգեւորականները ամէնէն դաժան եւ սարսափելի տանջանքներուն ենթարկուեցան: Սպաննուեցան աւելի քան 4.000 հոգեւոր ծառայողներ: Ոչնչացուեցան քրիստոնէական մշակոյթի կոթողներն ու հարստութիւնները, հրկիզուեցան շուրջ 2.000 եկեղեցիներ ու վանքեր: Վերացան Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնն ու Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը: Թալանի ենթարկուեցան Արմաշի, Աղթամարի եւ Մուշի հայկական եկեղեցական կեդրոնները: Ոչնչացուեցան Ս. Առաքելի, Ս. Աստուածածինի, Ս. Սարգիսի, Ս. Կարապետի վանքերու ձեռագիրներն ու գիրքերը: Միայն Դպրեվանքի եւ Արմաշի ձեռագիրներու պահեստանոցներէն ոչնչացուեցաւ մօտաւորապէս 500 ձեռագիր: Արեւմտեան Հայաստանի Հայոց եկեղեցիներէն միայն որոշ մշակութային արժէքներ, ձեռագիրներ եւ զարդեր փրկուեցան եւ տեղափոխուեցան Էջմիածին: Պէտք է նշել նաեւ, որ վիթխարի է հայոց հոգեւորականութեան դերը Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներուն մազապուրծ հայ խլեակները միատեղ հաւաքելու, յուսավառելու եւ ապրելու հաւատքը արմատաւորելու, ծաղկուն եւ կենսահաստատ համայնքներ ու ազատ, անկախ հայրենիք ստեղծելու հոլովոյթին մէջ: Փառք եւ խոնարհում անոնց»:

Շարունակելով իր խօսքը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան վստահեցուցած է, որ պայքարը պիտի շարունակուի միասնաբար եւ համախմբուած. «Այսօրուան հայը իր դատի, իր իրաւունքներուն պահանջատէրն է: Մենք մեր ձայնը կը բարձրացնենք պահանջելով, որ այլեւս ցեղասպանութիւններ չկրկնուին»:

Կարդացուեցան  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան ուղերձները:

Զեկուցեցին Ս. Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւներու տնօրէն Ասողիկ քհնյ. Կարապետեան («Յանուն հայութեան հոգեւոր կեդրոնը 1914-1918 թթ.»), Արմաշ եպս. Նալպանտեան («Սուրիոյ հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը»), Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան («Հայ հոգեւորականութեան տուրքը»), Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ Նորթրիճ նահանգային համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրներու ղեկավար դոկտ. Վահրամ Շեմմասեան («Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ աւետարանական      հոգեւորականներու դերը Սուրիա տարագրուած հայերու փրկութեան գործին մէջ» եւ «Հալէպի Առաջնորդարանի մարդասիրական միջամտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան առաջին հանգրուանի ժամանակ»), Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան հիմնարկի աշխատակից Գոհար Խանումեան («Ազգային խնամատարութեան որբահաւաք գործունէութիւնը»), Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան («Վերապատուելի Ենովք Հատիտեան` 1920-1940 թուականներուն լիբանանահայութեան կազմակերպման անխոնջ ռահվիրան»), «Նորավանք» հայագիտական կեդրոնի մասնագէտ Վահրամ Հովեան («Միջդաւանական համագործակցութիւնը Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն») եւ այլն: Տեղի ունեցած է արդիւնաւէտ քննարկում, հարց ու պատասխան: Գիտաժողովին ընթացքին տրուած զեկուցումները յառաջիկային կը հրատարակուին առանձին ժողովածուով:

Գիտաժողովի աւարտին մասնակիցները այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղած են Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Թուրքիա Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Խրիմ` Թաթարներու Վիճակին Ծանօթանալու Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 20, 2023
Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In