Խմբագրական. Հռչակագիրը Չի Սահմանափակուիր 100-Ամեակով
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստը պատմական նկատուելու բոլոր տուեալները կ՛ամբողջացնէ։ Համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեամբ, Արցախի հանրապետութեամբ եւ սփիւռքով, իր պետական, հոգեւորական թէ ազգային-հասարակական ներկայացուցիչներով հաստատած է գուցէ ամէնէն համահայկական փաստաթուղթը, որուն շուրջ կայացած է ներազգային համաձայնութիւնը։ Այս մէկը առաջնային խորհուրդն ու յաջողութիւնն է այս կարեւորագոյն իրադարձութեան։ Փաստաթուղթի նախագիծը քննարկման առարկան դարձած է հայկական աշխարհի բոլոր ներկայացուցչական...




















