Հովանաւորութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, երէկ` հինգշաբթի, 9 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղանկարներու ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, արուեստագէտներու, պաշտօնական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեանի, նախկին նախարար Ռէյմոն Աուտէի, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ արուեստասէրներու հոծ բազմութեան:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին անունով Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ վեր առաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի գեղարուեստական ու նկարագրային յատկութիւնները: «Թուրքը փորձեց բնաջնջել հայ մարդը, ոչնչացնել հայ մշակոյթը, բայց չյաջողեցաւ: Փաստը այսօրուան ցուցահանդէսն է», ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց. «Լիւսի Թիւթիւնճեան գեղանկարիչ մը ըլլալու կողքին նաեւ Համազգայինի այս ցուցասրահին հոգեւոր մայրն է»: Ան խիստ բարձր գնահատեց արուեստագէտին նախաձեռնութիւնը` ցուցահանդէսին հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացնելու Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: Այսօրուան ցուցահանդէսը ինքնին երեւոյթ մըն է եւ բարի օրինակ մը արուեստի մը բոլոր գործիչներուն, ըսաւ Աւագեան եւ կեդրոնական մարմինին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Լիւսի Թիւթիւնճեանին` անոր այս օրինակելի քայլին համար:

Ապա խօսք առաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ յայտնեց, թէ ցուցահանդէսի այս առիթը կազմակերպուած է բարի գաղափարի մը, լաւ նպատակի մը համար: «Լիւսի Թիւթիւնճեան մեր հաւաքական կեանքին մէջ երեւոյթ մըն է եւ այս իմաստով բազմաթիւ օրինակելի դասեր ունինք քաղելիք», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նախ` այս ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, ինչ որ արդէն մեծագոյն ապացոյցն է, որ թշնամին ոչ միայն չկրցաւ կասեցնել մեր մշակութային երթը, այլ ընդհակառակն` չկրցաւ խոչընդոտել անոր զարգացումը, բարգաւաճումը եւ միջազգայնացումը»: Երկրորդ, շարունակեց Հաւաթեան, թուրքը ոչ թէ չկրցաւ մեզ մնայուն անօթութեան եւ տառապանքի մատնել, այլ հայութիւնը այս երկիրներուն մէջ իր տարագրուած վիճակէն շատ արագ դուրս գալով յաջողեցաւ իր ներկայութիւնը փաստել, իր կայացումը երաշխաւորել եւ ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ հայկական միջավայրին օգտակար դառնալ: Հետեւաբար, յոյսի վերապրումի եւ վճռակամութեան հարազատ արտայայտութիւնն է նաեւ այսօրուան այս առիթը»:
Երրորդ, մատնանշեց Հաւաթեան, «մենք պէտք ունինք նորահաս սերունդներուն համար վարակիչ օրինակներու, եւ այսօր, այս օրինակին դիմաց պէտք է մեր նորահաս սերունդները յարգանք ունենան եւ պատրաստակամ զգան շարունակելու անոնց գործը:
«Մենք պէտք է ունենանք այն համոզումը, որ այսօրուան սերունդին յաջորդները նաեւ անխափան եւ հաւատաւոր կերպով պիտի շարունակեն այդ գործը, որովհետեւ առանց ազգային հաւաքական կեանքին այսօրուան սերունդին նեցուկին, մեր հաւաքական կեանքը չի կրնար ճառագայթել եւ անոր շարունակականութիւնը մենք չենք կրնար ապահովել», «Հետեւաբար, դէպի նոր 100-ամեակ փոխանցման այս հանգրուանին, հայ ժողովուրդի յաղթական երթին համար, եկէք հաւաքաբար` մենք մեր յարգանքը ցուցաբերենք», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:
Իր կարգին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիւսի Թիւթիւնճեան` շնորհակալութիւն յայտնելով հոծ բազմութեան ներկայութեան համար:
«Երբ կ՛աշխատիմ, ուրիշ աշխարհի մէջ` հարազատ կը զգամ ինքզինքս, շրջապատիս հետ եւ մեծ հաճոյքով ժամերը կ՛անցնին, եւ կ՛անդրադառնամ, որ այլեւս պէտք է հանգչիմ», ըսաւ արուեստագէտ Թիւթիւնճեան` խոստանալով նմանօրինակ այլ հանդիպումներով եւս հանդիպիլ:

Իր ներաշխարհի ապրումները ցոլացնող արուեստին ընդմէջէն, արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամբողջ ժողովուրդի մը ապրումները կը դրսեւորէ: Տպաւորիչ իր իւղաներկ գեղանկարներուն մէջ կը գտնենք հայը, մա՛րդը իր բոլոր կերպարներով: Հո՛ն է մանուկը, կինը, մայրը, հայրենի քաղցրիկ տունը… կեանքը իր թարմ ու դառն պատկերներով:
Աւերակներու եւ սարսափներու մէջէն յարութիւն առած` հայութեան ցաւը, սէրը, կարօտը, գուրգուրանքն ու յոյսն է, որ կը խորհրդանշեն անոր գործերը:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 16 ապրիլ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
Ցուցահանդէս-վաճառքի ամբողջական հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին: