Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղաբեկեան. «Որպէսզի Հայութեան Ներուժը Կարենանք Համախմբել Արցախի Շուրջ, ՀՅԴ-ն Պէտք Է Արտայայտուած Ներկայութիւն Ունենայ Մեր Խորհրդարանին Մէջ»

Ապրիլ 7, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-06-15_artԱրցախի մէջ ՀՅԴ -ի թեկնածուներուն հանդիպումները քաղաքացիներուն հետ կը շարունակուին: Քարոզարշաւի եօթներորդ օրը, ՀՅԴ-ի թեկնածուներ Արթուր Աղաբեկեան, Գէորգի Պետրոսեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպում ունեցան Ստեփանակերտի բնակիչներուն հետ:

Հանդիպումին սկիզբէն Արթուր Աղաբեկեան ներկաներուն խորհուրդ տուաւ  անպայման ծանօթանալու ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին եւ համոզմունք յայտնեց, որ ծրագիրին ծանօթանալէ ետք, անոնք իրենց վստահութեան քուէն անպայման կու տան ՀՅԴ-ին եւ նշեց. «Ծրագիրը կազմելով յստակ ձեւակերպումներ տուած ենք  խնդիրներուն եւ յստակ կերպով ներկայացուցած ենք անոնց լուծման ձեւերը. այնքան յստակ եղած են անոնք, որ ընտրութիւններէն ետք ձեզի հետ միասին պատրաստ ենք զանոնք լուծելու»:

Արթուր Աղաբեկեան իր խօսքին մէջ նաեւ նշեց, որ ՀՅԴ-ն միակն է, որ ի վիճակի է իր կարողութիւններով, իր` 28 երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալելով` ճիշդ  դիւանագիտական առաքելութիւն կազմակերպել յանուն Արցախի, որպէսզի փխրուն խաղաղութիւնը դառնայ յարատեւ խաղաղութիւն: «Որպէսզի հայութեան ամբողջ ներուժը կարենանք համախմբել Արցախի շուրջ, ՀՅԴ-ն պէտք է արտայայտուած ներկայութիւն ունենայ մեր խորհրդարանին մէջ»:

Վահրամ Բալայեան ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՅԴ-ի պատմութիւնը եւ կարեւոր նկատեց ՀՅԴ-ի այսօրուան դերակատարութիւնը Արցախի միջազգային ճանաչման գործին մէջ:

Ելոյթներուն յաջորդեցին քաղաքացիներուն հարցադրումները:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Հաուայ Նահանգը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

Սահմանին Լարուածութիւնը` Միջին Չափի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?