Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարծիքներ պիտի փոխանակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ: Այս մասին յայտնած է «Ռիա Նովոսթի» լրատու կայքը:
Կը հաղորդուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 7-8 ապրիլին աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Մոսկուա: Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են բանակցութիւններ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան այժմէական հարցերու քննարկումներ: