Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊՀ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Խորհուրդի Նիստին Համաձայնութիւն Գոյացած Է Սահմանային Անվտանգութեան Առնչուող Փաստաթուղթերու Շուրջ

April 4, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-03-15_ABHՀայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը հաղորդեն, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ մասնակցած է Պիշքեքի մէջ ԱՊՀ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին, որուն ընթացքին քննարկուած է եւ հաւանութեան արժանացած ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ համագործակցութեան տարբեր մարզերուն վերաբերող 14 փաստաթուղթերու նախագիծեր:

Նախարարները համաձայնութիւն գոյացուցած են 2015-ին ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու ծրագիրին շուրջ:

ԱՊՀ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները հաւանութիւն տուած են 2016-2020-ին ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու` մշակոյթի մարզին մէջ համագործակցութեան հիմնական ձեռնարկներու ծրագիրին, որուն մէջ ներառուած են 120-է աւելի ձեռնարկներ:

Նիստին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու սահմանային անվտանգութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող փաստաթուղթերու շուրջ:

Արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են ԱՊՀ-ի գործունէութեան օրակարգային հարցերը:

Հայաստանը, Ռուսիան, Տաճիկիստանը, Պիելոռուսիան, Խըրխըզիստանը եւ Ղազախստանը որդեգրած են յայտարարութիւն մը` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրին ստորագրման 40-ամեակին առիթով: Յայտարարութիւնը կը վերահաստատէ հաւասար, անբաժան եւ համապարփակ անվտանգութեան` առանց բաժանարար գիծերու եւ փակ սահմաններու Վանքուվըրէն Վլատիվոսթոք փոխշահաւէտ համագործակցութեան հայեցակարգը, Հելսինքիի սկզբունքներուն խախտման, անոնց կիրարկման նկատմամբ ընտրողական մօտեցման, միակողմանի պատժամիջոցներու կիրարկման, ներառեալ` շրջափակումը, այլ պետութիւններու հաշուոյն սեփական անվտանգութեան ամրապնդման անթոյլատրելիութիւնը:

Յայտարարութիւնը կը շեշտէ տագնապներու բացառապէս խաղաղ միջոցներով եւ համաձայնութեան ձեւաչափերով կարգաւորման կարեւորութիւնը, կ՛ընդգծէ ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ համարկման տարբեր միաւորումներու երկխօսութիւնը` իբրեւ շրջանային համարկումն ու համագործակցութիւնը ապահովող անհրաժեշտ պայման:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Վիեննայի Մէջ Քննարկած Են Տարեվերջին Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպման Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Անասթասիատիս. «Կիպրոս Եղած Է Եւ Միշտ Կը Մնայ Հայաստանի Եղբայրական Երկիրը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.