Գլխաւոր լուրեր

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր 159-րդ նիստը գումարեց 20-21 փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի: Ներկաներու շարքին էին առաջնորդի օգնական` Գերպ. Տ. Վահան Ծ. վրդ. Պէրպէրեան, Հալէպի քահանայից դասը, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային կրօնական ժողովներու անդամները եւ Ազգային իշխանութեան խորհուրդներու ատենապետները: Ժողովը սկսաւ գերաշնորհ առաջնորդ սրբազան...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Յասմիկ Շահինեանի «Այն Օրը, Երբ…»  Մանկական Գիրքի Շնորհահանդէսը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Յասմիկ Շահինեանի «Այն Օրը, Երբ…» Մանկական Գիրքի Շնորհահանդէսը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 22 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած «Այն օրը, երբ...» մանկական գիրքի շնորհահանդէսը: Սիլվա Քիւրքճեան Սօսէ Ճինպաշեան Բացման խօսքը կատարեց Սիլվա Քիւրքճեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայ փոքրիկներուն, բացատրեց Համազգայինի նախաձեռնութեան պատճառը եւ հրաւիրեց փոքրիկները ըմբոշխնելու Յասմիկ Շահինեանի հեղինակած...

Նախագահ Սարգսեան ԵԱՀԿ-ի Դեսպաններուն  Ներկայացուց Բանակցային Ներկայ Հանգրուանը

Նախագահ Սարգսեան ԵԱՀԿ-ի Դեսպաններուն Ներկայացուց Բանակցային Ներկայ Հանգրուանը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններու դեսպաններուն հետ: Աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, նախագահը կարեւոր նկատած է աւանդական դարձած այսպիսի անմիջական յարաբերութիւններն ու միտքերու փոխանակումը: Նախագահը իր ներածական խօսքին մէջ բարձր գնահատած է ԵԱՀԿ-ի դերակատարութիւնը եւ ներուժը եւրոպական անվտանգութեան պահպանման, ինչպէս նաեւ տագնապներու լուծման գործին մէջ: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի...

Մինսքի Խմբակ. «Կողմերը Հաստատած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման  Հարցին Մէջ Իրենց Յանձնառութիւնը»

Մինսքի Խմբակ. «Կողմերը Հաստատած Են Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Հարցին Մէջ Իրենց Յանձնառութիւնը»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` ամփոփելով 16-19 փետրուարին Հայաստան, Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ազրպէյճան իրենց այցելութիւնը, հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ այցելութեան ընթացքին իրենց միացած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Համանախագահները հանդիպած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ: Համանախագահներուն այցելութեան գլխաւոր նպատակը եղած է կողմերուն...

Հրանուշ Յակոբեան. «Արեւմտահայերէնը  Մեր Ազգային Հարստութիւնն Է  Եւ Սփիւռքի Լինելութեան Հիմքը»

Հրանուշ Յակոբեան. «Արեւմտահայերէնը Մեր Ազգային Հարստութիւնն Է Եւ Սփիւռքի Լինելութեան Հիմքը»

Հայ ժողովուրդի, ազգի լինելութեան կարեւորագոյն գրաւականը մայրենի լեզուն է. այս մեկնակէտէն ուղղուած, 2005 թուականին փոփոխութիւն մտցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական տօնացոյցի փետրուար 21-ը հաստատուեցաւ իբրեւ Մայրենիի օր: Միջազգային այս տօնը Հայաստանի մէջ եւս նշելու  նախաձեռնութիւնը այն ժամանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ, ներկայիս...

ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ  Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ app»-ի գործարկումը  երկար ատենէ ի վեր իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք զգալի դարձուցած էր: app-ի ծրագրաւորման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն եւ շուտով «Ազդակ»-ի կայքը, որ արդէն մոպայլ ձեւաչափով հասանելի էր Անտրոյտ եւ էփփըլ բջիջայիններուն համար, գործնականօրէն հասանելի կը դառնայ նաեւ app-ի միջոցով: Կարեւոր հիմնական առաւելութեամբ մը կ՛օժտուի «Ազդակ»-ի լուրերու բաժինը: «Ազդակ app»-ը ներբեռնողները մեքենականօրէն օրուան ընթացքին իրենց բջիջայիններու պաստառներուն վրայ...

Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Առիթով .  Արեւմտահայերէնը Գրաւիչ, Ժամանակակից Եւ Առօրեային Մաս Կազմող Լեզու Դարձնելու Իմաստով Ճիգ Տանելու Կոչ` Երիտասարդներէն

Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուան Առիթով . Արեւմտահայերէնը Գրաւիչ, Ժամանակակից Եւ Առօրեային Մաս Կազմող Լեզու Դարձնելու Իմաստով Ճիգ Տանելու Կոչ` Երիտասարդներէն

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Մայրենի լեզուն ընդհանրապէս հիմքն է ազգի մը գոյութեան ու գոյատեւման, անիկա կարեւոր է ինքնութեան պահպանման համար, անոր կենդանի մնալով է, որ ազգ մը կը շարունակէ իր գոյերթը: Հայերէն լեզուն, մեր պարագային արեւմտահայերէնը, շատ կարեւոր է իրենց հայրենի հողէն դուրս ապրող, պայքարող ու գոյատեւող սփիւռքահայերուն համար, որովհետեւ անիկա հայը իբրեւ հայ պահող հիմնական կռուանն ու երաշխիքն է: Ուստի,...

ՀՀ սփիւռքի նախարարի շնորհաւորական խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի նորընտիր ներկայացուցչին.

ՀՀ սփիւռքի նախարարի շնորհաւորական խօսքը ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի նորընտիր ներկայացուցչին.

Լիբանանում ՀՅԴ Կենտրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Պարոն Յակոբ Բագրատունուն Յարգելի պարոն Բագրատունի, Ուրախութեամբ տեղեկացանք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային ժողովի ընթացքում ընտրուել էք ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ: Յիրաւի, հայ ազգի համար բեկումնային այս ժամանակահատուածում, երբ լրանում է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, երբ ազգովի ոգեկոչում ենք անմեղ նահատակներին, եւ երբ նոր փուլ է թեւակոխում մեր մէկդարեայ պայքարը յանուն արդարութեան,...

Խմբագրական.  27 Տարի Առաջ Միեւնոյն Վայրը

Խմբագրական. 27 Տարի Առաջ Միեւնոյն Վայրը

Վերջին օրերուն իրադրութիւնները այնպիսի ընթացք առին, որ այսօր` 20 փետրուարին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ պիտի կայանար հանրահաւաք, որուն հետեւանքներուն մասին կանխատեսումներ կատարելու համար անպայման մտավախութեամբ պիտի յիշուէին ներհասարակական լարուածութիւնը, պառակտումը, ոստիկանութիւն-ցուցարարներ բախումները. այլ խօսքով, մարտի մէկեան տխուր յուշերու վերաթարմացումները: 27 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն, միեւնոյն տեղը ծայր կ՛առնէր Արցախեան հարցի զօրակցութեան շարժումը` աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով Երեւանի վրայ եւ ազդանշանը տալով...

Սէյրան Օհանեան Ընդունեց  Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Սէյրան Օհանեան Ընդունեց Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Փիեռ Անտրիոն: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համանախագահներուն հետ նոյն ձեւաչափով նախորդ հանդիպումէն ի վեր տեղի ունեցած զարգացումները: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական...

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին. «Ցեղասպանութիւնները Պատահականութիւն Չեն, Անոնք Կանխածրագրուած Կ՛ըլլան» Ընդգծեց Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Կազմակերպութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական դպրոցին, երէկ` հինգշաբթի, 19 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ դպրոցին հանդիսասրահին մէջ` ներկայութեամբ հայ եւ ոչ հայ դասախօսներու, ակադեմականներու, ուսանողներու եւ հոծ բազմութեան: «Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, աստուածաբանի մը անդրադարձը» խորագիրով դասախօսական այս ձեռնարկին բացումը կատարեց նշեալ դպրոցի նախագահ դոկտ. Ժորժ Սապրա, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք...

Լիբանանեան Համալսարաններու Կաճառներու  Տնօրէններ Եւ Դասախօսներ Կ՛այցելեն  Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան

Լիբանանեան Համալսարաններու Կաճառներու Տնօրէններ Եւ Դասախօսներ Կ՛այցելեն Լիբանանի Յատուկ Միջազգային Դատական Ատեան

Միջազգային քրէական օրէնքի եւ գործառնութեան միջհամալսարանական 2014-2015-ի ծրագիրին մասնակից լիբանանեան ութ համալսարաններէ կաճառներու 16 տնօրէններ եւ դասախօսներ աւարտած են Լա Հէյ եռօրեայ այցելութիւնը: Անոնց այցելութիւնը վերջ գտած է կլոր սեղաններով եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բոլոր բաժանմունքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ դասախօսութիւններով: Իրենց այցելութեան ընթացքին անոնք հանդիպում ունեցած են Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն պաշտօնատարներու հետ, ինչպէս նաեւ «Թի.Էմ.Սի.Ասեր» հիմնարկէն պաշտօնակիցներու...

Ռուստամեան Հաստատեց, Որ Սարգսեան- Ծառուկեան Հաշտութիւն Եղած Է

Ռուստամեան Հաստատեց, Որ Սարգսեան- Ծառուկեան Հաշտութիւն Եղած Է

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին մանրամասնութիւններ պատմած է Գագիկ Ծառուկեան-Սերժ Սարգսեան հանդիպումին եւ հաշտութեան մասին: Ան հաստատած է, որ հաշտութիւն եղած է: «Մենք ինչ որ ըսած ենք, հրապարակաւ ըսած ենք: Այս երկու-երեք օրերուն, իսկապէս մեր բոլոր ջանքերը, կարելիութիւնները դրած ենք, որ լուծում գտնուի եւ բոլորը բաւարարող պայմաններ ստեղծուին: Մեր տեղեկութիւններով, այդ հանդիպումը տեղի ունեցած...

ՀՅԴ-ն Հանդիպած Է  Մտաւորականներու Հետ

ՀՅԴ-ն Հանդիպած Է Մտաւորականներու Հետ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր մօտեցումները, ծրագիրները, երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն վերաբերեալ դիրքորոշումները ներկայացնելու, բացատրելու եւ ճշդելու նպատակով նախաձեռնած է հանրային քննարկումներու` հասարակութեան տարբեր շերտերու ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի մամլոյ  դիւանի հաղորդագրութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Բիւրոյի անդամ Սպարտակ Սէյրանեան, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ...

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց  Արտաքին Գործոց Նախարարին

Դեսպան Քոչարեան Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարարին

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Պասիլ եւ դեսպան Քոչարեան գոհունակութիւն յայտնեցին քաղաքական երկխօսութեան համար` միաժամանակ ընդգծելով երկկողմանի գործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ համալրելու կարեւորութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւններուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի...

Երրորդ Տարին Ըլլալով`  Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն: 1998-ին շուրջ 365 անդամներով հայ ընկերային ծառայողներու, ԼՕԽ-ի եւ Համազգայինի կողմէ հիմնուած...

Երրորդ Կողմը` Չանաքքալէի Եւ Սարըղամիշի  Միջեւ

Երրորդ Կողմը` Չանաքքալէի Եւ Սարըղամիշի Միջեւ

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ «Եթէ մեզմէ կը սպասուի մայր հայրենիքի փրկութիւնը, հապա մենք որմէ՞ պիտի պահանջենք մեր ծնողքին` կեանքին, ինչքին եւ պատուին անառարկելի ապահովութիւնը, եթէ ոչ` այն տէրութենէն, որուն համար կը կռուինք»: ՄԵՍՐՈՊ ՔԱՋԲԵՐՈՒՆԻ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ այս տարի, ապրիլ 23-25, «իր» պետութիւնը պետական բարձր մակարդակով Կալիփոլիի (Չանաքքալէ) ճակատամարտի զոհերուն հարիւրամեայ յիշատակը պիտի նշէ: Նոյն ռազմին զոհ գացած են...

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեան  Եւ Գագիկ Ծառուկեան Հանդիպում Ունեցան

ՀՅԴ-ի Նախաձեռնութեամբ Սերժ Սարգսեան Եւ Գագիկ Ծառուկեան Հանդիպում Ունեցան

Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ  երէկ կէսօրէ ետք կայացած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը, որուն ընթացքին հասարակ յայտարարի մը հասած են: Այդ մասին յայտնած է ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան` նշելով, որ հանդիպումը կայացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ: Վարդանեան «Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին մերժած է մանրամասնութիւններ հաղորդել կամ մեկնաբանութիւններ ընել: «Առանց...

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց  ԵԱՀԿ-ի Համանախագահներու  Քրաքովեան Յայտարարութիւնը

Նախագահ Սարգսեան Ողջունեց ԵԱՀԿ-ի Համանախագահներու Քրաքովեան Յայտարարութիւնը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճեյմզ Ուորլիքը, Փիեռ Անտրիոն եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութենէն կը հաղորդեն, որ համանախագահները ներկայացուցած  են Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն տպաւորութիւնները, քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթի այս հանգրուանին առկայ  մտահոգութիւնները ու հետագայ քայլերուն...

Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ.  «Վրաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Չեն Կրնար  Հիմնախնդիրներ Գոյութիւն Ունենալ»

Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ. «Վրաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Չեն Կրնար Հիմնախնդիրներ Գոյութիւն Ունենալ»

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 17 փետրուարին ընդունած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Նախագահը ողջունած է հիւրը եւ գոհունակութեամբ ընդգծած, որ վերջին տարիներու բարձրաստիճան հանդիպումները պարբերական բնոյթ կը կրեն եւ նոր շունչ կու տան երկկողմանի յարաբերութիւններուն` կարելիութիւն տալով փոխադարձ այցելութիւններու ընթացքին  քննարկելու եւ լուծումներ գտնելու հայ-վրացական բազմազան օրակարգի արդիական հարցերուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը համակարծիք...

Page 786 of 795 1 … 785 786 787 … 795

Արխիւներ