Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաուտայի Մէջ ՍԴՀԿ-ՀՅԴ Միացեալ Ձեռնարկ

April 20, 2015
| Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

shou-2Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին եւ ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղին` կիրակի, 19 ապրիլ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» դաշտին  վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք:

Անի Ղարիպեան
Անի Ղարիպեան

Բացման խօսքը արտասանեց Անի Ղարիպեան: «ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղին եւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման այս հանդիսութեան, որ կը միտի համախմբել, առաջին անգամ ըլլալով, Ռաուտայի շրջանի հայորդիները նման ձեռնարկով մը` փաստելու համար անոնց միասնականութեան կամքը եւ կոփելու անոնց մէջ հայրենասիրութեան եւ հայրենիքին նկատմամբ նախանձախնդրութեան ոգին», շեշտեց Ղարիպեան:

«Կեցցէ՛ ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանը: Փա՛ռք վերածնած եւ միշտ յաղթական, հերոսածին հայ ժողովուրդին» տողերով Ղարիպեան աւարտեց իր խօսքը:

4-19-15-_shou-5Հայկ Բժշկեանի անուան երգչախումբը ներկայացուց «Պետոյի յիշատակին (Գարահիսար)» եւ «Աղբերս ու ես» հայրենասիրական երգերը, որուն յաջորդեց Սերուժ Յովսէփեանի կատարողութեամբ «Նաղուշի ծառ»-ը մենախօսութիւնը: Անկէ ետք Սագօ Եագուպեան շուիի վրայ ներկայացուց «Սուրբերու աչքեր» երաժշտական կտորը:

Յակոբ Հաւաթեան:
Յակոբ Հաւաթեան:

Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան բանախօսը` Յակոբ Հաւաթեան:

Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ այս հանգրուանը անկիւնադարձային է բովանդակ հայութեան համար: Մենք պարտաւոր ենք արժեւորել անցեալը, քաղել դասերը եւ միասնաբար յստակացնել մեր ապագան, ըսաւ Հաւաթեան: Բանախօսը կարեւոր նկատեց միասնականութեան ուժը` յիշատակելով Սարդարապատի սերունդը, որ «կերտած է  այսօրուան հայու կերպարը»:

«Շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող հայ գաղթօճախներուն վրայ կայ մեծ սպառնալիք: Հայաթափում տեղի կ՛ունենայ մեր շրջանին մէջ: Հետեւաբար, իբրեւ Հայաստանի սահմանամերձ, իբրեւ Հայաստանին անմիջականօրէն զօրակից լիբանանահայ գաղութ` մեր վրայ նաեւ կը բարդանան այն բոլոր պարտաւորութիւնները ,զորս այդ գաղութները ունէին մինչեւ այսօր», աւելցուց ան: «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ, կը յաղթեմ» բառերով աւարտեցաւ բանախօսին խօսքը:

Լորի Զէքեան «Պիտի երթանք վաղ թէ ուշ» երգը կատարեց, որմէ ետք վաւերագրական սլայտներու ցուցադրութիւն կատարուեցաւ պաստառի վրայ:

Վերջապէս, Սեւակ քհնյ. Վասիլեան պահպանիչով փակեց ոգեկոչման ձեռնարկը , որուն ներկայ էին մեծ թիւով հայորդիներ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» Մասնաճիւղ. Իրազեկումի Հանգրուանէն Պահանջներու Ներկայացման Հանգրուան Անցնելու Անհրաժեշտութեան Շեշտադրում

Յաջորդը

Դաշնակցական Պատանիները Նորարար Շունչով Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Մօրս Պատմութիւնը Պիտի Պատմեմ Զաւակներուս» Նշեց Էմիլ Էմիլ Լահուտ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.