Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ազգային Ուժերու, Անձնաւորութեանց Եւ Կուսակցութեանց Հանդիպումը Դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը

April 17, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-16-15_gousԼիբանանեան ազգային ուժերը, անձնաւորութիւնները եւ կուսակցութիւնները իրենց հերթական հանդիպումը գումարեցին հինգշաբթի, 16 ապրիլ 2015-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տեղական, արաբական եւ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: Աւարտին, ժողովականները հաստատեցին հետեւեալը.

ա) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հանդիպումը կը դատապարտէ օսմանցի իշխողին գործադրած ջարդերը հայ ժողովուրդին դէմ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով իրաւազրկուած հայ ժողովուրդին:

Ժողովականները կ՛ողջունեն Հռոմի պապին կեցուածքը, որ կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դիտել տալով, որ օսմանեան այս ջարդերը այսօր կը կրկնուին Սուրիոյ մէջ, հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ, որոնք կը վայելեն զօրակցութիւնը օսմանեան բռնատիրութիւնը վերահաստատել ձգտող Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի: Այն բռնատիրութեան, որ այսօր կ՛ուզէ վերահաստատել` թրքական գաղտնի սպասարկութեանց ցանցերուն կողմէ զինուող ու ֆինանսաւորուող ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն կողմէ հոսեցուող ծերերու, կիներու եւ մանուկներու արեան եւ դիակներուն վրայ:

բ) Ժողովականները կը քննադատեն Մուսթաքպալ հոսանքի անդամ երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն կողմէ արձակուող հրահրիչ կեցուածքները, որոնց վերջինն էր` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի յարձակումը սէյիտ Հասան Նասրալլայի, իրանեան իսլամական հանրապետութեան եւ ազգային ուժերուն դէմ, անոնց Եմէնի դէմ մղուող պատերազմը մերժելուն համար:

գ) Ժողովականները կանգ առին Զինուորական ատեանին մէջ կատարուած խոստովանութիւններուն առջեւ, զօրավար Համուտի դերակատարութեան շուրջ` հիւսիսային Լիբանան զէնք մտցնելու, այդ զէնքերը տեղական ճակատներու ղեկավարներուն բաժնելու եւ Թրիփոլիի ընտանիքներուն դէմ ջարդեր կազմակերպելու գծով:

Ժողովականները լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին զօրակցիլ դատարանին եւ դատավարութեանց ընթացքին չարտօնել որեւէ միջամտութիւն:

Նախորդը

Շրջանային Տագնապներու Սաստկացման Լոյսին Տակ. Հայեացքները Սեւեռուած Են Սէյիտ Նասրալլայի Խօսքին Վրայ

Յաջորդը

Ուորլիք Հիուսթընի Մէջ Պիտի Հանդիպի Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Համայնքներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին.  Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր  Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ղալիպաֆի Խորհրդականին. Միացեալ Նահանգներ Չեն Ուզեր Լիբանանի Մէջ Պատերազմը Դադրեցնել

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.