Գլխաւոր լուրեր

Սարգիս Կիրակոսեանի  «Ականեալ Ձայներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ Ձայներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 4 մայիս 2015-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցիչ, մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» գիրքին շնորհահանդէսը: Սիլվա Քիւրքճեան Իրմա Գապագեան-Տէտէեան Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սիլվա  Քիւրքճեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները նախ ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանը` իբրեւ արձակագիր, թարգմանիչ, բանաստեղծ, խմբագիր, կրթական գործիչ` անդրադառնալով անոր գրական վաստակին ու գործունէութեան, հայագիտական շրջանակին մէջ անոր ունեցած...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի  Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ.  «Ազգի Մը Վերածնունդը» Ցուցահանդէսին  Ընթացքին Ցուցադրուեցան Յայտնի  Գեղանկարիչներուն Լաւագոյն 100-է Աւելի Գործերը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկներուն Ծիրին Մէջ. «Ազգի Մը Վերածնունդը» Ցուցահանդէսին Ընթացքին Ցուցադրուեցան Յայտնի Գեղանկարիչներուն Լաւագոյն 100-է Աւելի Գործերը

Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ին եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին, երէկ` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյրութ Էքսհիպիշըն Սենթըր»-ին մէջ տեղի ունենցաւ «Ազգի մը վերածնունդը» խորագրեալ  ցուցահանդէսին բացումը, որ կը վայելէր Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կողմէ Արտա Եանիքեան ներկայացուց բացման խօսքը: Ան ներկաները ողջունելէ ետք ընդգծեց կարեւորութիւնը...

Արցախի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Ոչ Պաշտօնական, Նախնական Արդիւնքները

Արցախի Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Ոչ Պաշտօնական, Նախնական Արդիւնքները

Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան իր պլոկին մէջ կը ներկայացնէ Արցախի խորհրդարանական ընտրութիւններու ոչ պաշտօնական, նախնական արդիւնքները, ըստ որոնց, 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի 33 աթոռները կը բաշխուին հետեւեալ համեմատութեամբ. 1- Ազատ Հայրենիք կուսակցութիւն` 15 աթոռ (11 համամասնական եւ 4 մեծամասնական) 2-ՀՅԴ` 7 աթոռ (4 համամասնական եւ 3 մեծամասնական) 3- Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն` 6 աթոռ (4 համամասնական եւ...

Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանական  Ընտրութիւններուն Մասնակցեցաւ Քուէարկութեան  Իրաւունք Ունեցողներուն 70,6 Առ Հարիւրը

Արցախի Հանրապետութեան Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցեցաւ Քուէարկութեան Իրաւունք Ունեցողներուն 70,6 Առ Հարիւրը

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան  խորհրդարանական ընտրութիւններ: Քուէատուփերը բացուած  են 11 ընտրատարածքներու 279 ընտրատեղամասերու մէջ: Ինչպէս նաեւ, Երեւանի մէջ եւս գործեց ընտրատեղամաս մը` Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան շէնքին մէջ: Ընտրութեան իրաւունք ունէին 101.653 քաղաքացիներ: Արցախի Ազգային ժողովի 33 աթոռներէն 22-ը համամասնական ընտրակարգով ընտրուածներուն համար է, որուն կը մասնակցին 7 կուսակցութիւններու 164 թեկնածուներ, իսկ 11 մեծամասնական ընտրակարգով աթոռներուն համար առաջադրուած են...

Այնճարի Մէջ.  Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան  100-Ամեակ. 100 Արաբական  Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` շաբաթ, 2 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» հատորին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին: Ռիթա Լագիսեան Ձեռնարկին ներկայ էին Գիւղի հոգեւոր ներկայացուցիչները, Այնճարի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին...

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ.  Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց  «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

«Սաժես» Թատերասրահին Մէջ. Համազգայինի «Քնար» Պարախումբը Ներկայացուց «Կամուրջներ» Պարային Համոյթը

Հովանաւորութեամբ Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան ամոլին, անցնող շաբաթավերջին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան «Քնար» պարախումբը Ժտէյտէի «Սաժես» թատերասրահին մէջ հանրութեան ներկայացաւ «Կամուրջներ» պարային համոյթով, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Յովհաննէս Խաչիկեան, օգնական պարուսոյց` Կարիկ Խաչիկեան: Ծրագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին բաժինով ներկայացուեցան ազգագրական պարեր, «Հայուհի», «Քոչարի», «Անուրջներ», «Ձկնորսներ», «Հայոց աղջիկներ», «Վրացական» պարերը: Այս բաժինին մէջ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբը, ...

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

«Ազգի Մը Վերածնունդը»

Կազմակերպութեամբ «Սոլիտեր»-ի եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին եւ գործակցութեամբ «Նոազ Արք» ցուցասրահին այսօր` երկուշաբթի, 4 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի պիտի ունենայ բացումը յատկանշական ցուցահանդէսի մը, որ կը վայելէ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի հովանաւորութիւնը: Ցուցադրութեան դրուած են հարիւրէ աւելի կերպարուեստի ստեղծագործութիւններ, որոնց շարքին Յովսէփ Փուշմանի, Շարթի, Վրոյրի, Այվազովսքիի, Երուանդ Քոչարի, Ժանսեմի, Գառզուի, Մ. Սարեանի, Մինաս Աւետիսեանի, Լեւոն...

Խմբագրական.   Շարունակել Սկսուած Գործընթացը  (Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Շարունակել Սկսուած Գործընթացը (Մայիսմէկեան Տօնին Առիթով)

Մայիսմէկեան խորհուրդին քաղաքական այժմէական հնչեղութեամբ մեր իրականութեան պարզած վիճակները լոյսին բերելու որեւէ փորձ ներկայ պահուն անպայման պիտի յիշէ մեր երկրի ներքաղաքական դաշտը յանկարծակիօրէն ցնցած հարստապետութիւնն ու քաղաքականութիւնը իրարմէ կտրուկ ձեւով անջատելու ամէնէն բարձր մակարդակներով առնուած քայլն ու անոր անմիջական հետեւանքները: Խօսքը կը վերաբերի քաղաքական դաշտը  գրագիտացման ենթարկելու առաջադրանքին, որ մինչ այժմ մէկ յատուկ գործողութենէ անդին տարածուելու նախադրեալներ չէ պարզած: Թէ...

Թրքական Լրատուամիջոցները Լայնօրէն  Կ՛անդրադառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսութեան Կողմէ Բացուած Դատին

Թրքական Լրատուամիջոցները Լայնօրէն Կ՛անդրադառնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կողմէ Բացուած Դատին

Երէկ թրքական լրատուամիջոցները լայն տեղ յատկացուցած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուած դատին` Սիսի կաթողիկոսարանին վերատիրանալու պահանջով: «Հիւրրիյէթ» իր լուրը խորագրած էր. «Հայ եկեղեցին Սիսի վանքին կալուածներուն վերադարձը կը պահանջէ»: Նմանօրինակ խորագիրով լուր հրապարակած էին նաեւ «Տեմոքրաթ Հապեր» եւ «Հապերլեր»: «Սոնտաքիքա» Սիսի քաղաքապետ Մուսա Էօզթիւրքի հետ կատարած էր հարցազրոյց մը, ուր վերջինս կը նշէ, որ...

Իշխանեան. «Ընտրողներուն Հետ  Անկեղծ Եւ Ազնիւ Եղած Ենք»

Իշխանեան. «Ընտրողներուն Հետ Անկեղծ Եւ Ազնիւ Եղած Ենք»

3 մայիսին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեան մէջ մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած ՀՅԴ-ի անդամ Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ներկայացուց ընդհանուր տրամադրութիւնները: «Քարոզարշաւը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին: 1 մայիսը վերջին օրն է: Պէտք է ըսեմ, որ մեր կողմէ բաւական յաջող քարոզարշաւ կազմակերպուած է: Փորձած ենք ընտրողներուն հետ ըլլալ կարելի եղածին չափ անկեղծ եւ ազնիւ: Ներկայացուցած  ենք մեր մօտեցումները...

«Հայաստանը Դրականօրէն Տրամադրուած Է  Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ  Լուծման Կարելիութիւններուն Համար»  Կ՛ըսէ Ուորլիք

«Հայաստանը Դրականօրէն Տրամադրուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Խաղաղ Լուծման Կարելիութիւններուն Համար» Կ՛ըսէ Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումի մը մէջ արդիւնաւէտ եւ դրական գնահատած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ հանդիպումը: Ան այդ գրառումին կցած է հանդիպումէն առնուած լուսանկար մը: «Արդիւնաւէտ եւ դրական հանդիպում Փարիզի մէջ արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեանի հետ: Հայաստանը դրական տրամադրուած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման կարելիութիւններուն համար», գրած...

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի  Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի Բացում` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, Շահէ եպս. Փանոսեանի, երէկ` հինգշաբթի, 30 ապրիլ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, որմէ ետք բացումը կատարուեցաւ ապրիլեան յուշակոթողին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Քրիստ Իսկենտերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին եւ իր ողջոյնի խօսքին մէջ պատմական յետադարձ ակնարկով սեղմ...

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին .  Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիս Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը

«Նիւ Եորք Թայմզ» Կ՛անդրադառնայ Կաթողիկոսարանի Յարուցած Դատին . Ուաշինկթընի Մէջ Կատարուած Մամլոյ Ասուլիսի Ճամբով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Վերաշեշտէ Սիս Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Պահանջքը

Քանի մը ժամ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին աջակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի Մամլոյ ազգային ակուբին մէջ: Հրաւիրուած էին Ուաշինկթընի մէջ գործող Միացեալ Նահանգներու մամլոյ կարեւոր օրկանները: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ տրուած մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տրդատ Մանկիկեան, Ժընեւի...

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանացիները  Թեր Են Ճշմարտութիւնը Ի Յայտ Գալուն»

Կիրօ Մանոյեան. «Գերմանացիները Թեր Են Ճշմարտութիւնը Ի Յայտ Գալուն»

Գերմանիա այն պետութիւնը չէ, որ այսքան ուղի անցնելէ ետք ենթարկուի թրքական ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն: Երէկ լրագրողներու հետ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան` անդրադառնալով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի քուէարկութեան: «Գերմանիոյ նախագահը արդէն բաւական բան ըսաւ: Իր յայտարարութեան մէջ ան գործածեց «ցեղասպանութիւն» բառը: Կարծեմ,...

Արծուիկ Մինասեան. «Անհրաժեշտ Է  Ներդրումային Միջավայրի Փոփոխութիւն»

Արծուիկ Մինասեան. «Անհրաժեշտ Է Ներդրումային Միջավայրի Փոփոխութիւն»

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանին լրագրողները երէկ հարցուցին սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի առաջարկին մասին, որ եթէ սփիւռքահայերէն իւրաքանչիւրը հազար տոլար ներդրէ հայաստանեան դրամատուներուն մէջ, ատկէ կ՛աշխուժանայ դրամատնային համակարգը եւ տնտեսութիւնը: «Որեւէ պարագայի, եթէ դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարները մեծնան, ատիկա ելեւմտական կարելիութիւն է: Այլ բան, որ միայն ատիկա բաւարա՞ր է, թէ՞ ոչ», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան: Պատգամաւորը կոչը...

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան.  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած  Արաբերէնով Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան. Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Արաբերէնով Բանաստեղծական Գիրքի Շնորհահանդէս

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Լիբանանեան-հայկական աւանդներու ակումբին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ գործակցութեամբ, ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Հատի Մրատի «Արմանուլ Ահիա» («Թաղերուն հայերը») գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլ 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը երկուքին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Ուեսթ Հոլ» սրահին մէջ: Ի դէպ` Հատի Մրատ Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին մէջ բժշկութեան ուսանող է, միաժամանակ` Լիբանանի գրողներու միութեան ամէնէն կրտսեր...

Խմբագրական.  Պերլինէն Հասած Հարուածը

Խմբագրական. Պերլինէն Հասած Հարուածը

Վարագոյրը բարձրացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ստեղծած քաղաքական մթնոլորտին վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ արձանագրուածները, տոմինոյի ազդեցութեան տեսութեամբ առարկայացած ճանաչումներու, դատապարտանքներու եւ համապատասխան յայտարարութիւններու արշաւը կը յուշեն նախադրեալներ` շարունակականութիւն ապահովելու: 100-ամեակը լաւ առիթ էր առնչուած պետութիւններուն համար կարմիր քարտը ցոյց տալու Անգարային: «Կա՛նգ առ» ըսելու նոր օսմանականութեան յոխորտանքով աշխարհաքաղաքական ուժի վերածուելու նկրտումներ դրսեւորող եւ արեւմտեան ուժերու վերահսկողութենէն դուրս եկող կրօնական ծայրայեղականութեան տիրութիւն...

Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիայէն  Կը Պահանջենք Ճանաչում»

Սերժ Սարգսեան. «Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանաչում»

«Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանաչում: Իսկ թէ յետոյ ինչ կը հետեւի, այդ բոլորը բանակցութիւններու առարկայ է»,  ռուս լրագրող Վլատիմիր Պոզներին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: Պոզների դիտարկման, թէ արդեօք Անգարա կը հրաժարի ճանչնալ Ցեղասպանութեան փաստը, որովհետեւ  մտավախութիւն ունի, որ ատկէ ետք Հայաստան կրնայ նիւթական փոխհատուցման, հողերու վերադարձի պահանջ ներկայացնել, Սերժ Սարգսեան արձագանգած է ըսելով. «Կը կարծեմ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին  Նուիրուած Ձեռնարկ` Մասնակցութեամբ Հայկական  Եւ Ոչ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներու

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ` Մասնակցութեամբ Հայկական Եւ Ոչ Հայկական Վարժարաններու Աշակերտներու

Հովանաւորութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, երէկ` երեքշաբթի, 28 ապրիլի կէսօրուան ժամը 12:30-ին, «Էմիլ Լահուտ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը` մասնակցութեամբ Լիբանանի հայկական եւ ոչ հայկական վարժարաններու երկրորդական բաժինի աշակերտութեան: Աւելի քան 1000 աշակերտներու ներկայութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի անդամ դոկտ....

Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ  Շրջանը Ռմբակոծութեան Ենթարկուած Է

Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Շրջանը Ռմբակոծութեան Ենթարկուած Է

Հալէպի մէջ 26 ապրիլի յետմիջօրէին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ յարակից թաղամասը ռմբակոծութեան ենթարկուած է: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` աւելցնելով, որ թաղամասին մէջ հայկական կեդրոն, ակումբ, դպրոց կայ, սակայն դեռ տեղեկութիւններ չկան արձանագրուած վնասներուն մասին. «Շրջանը այս պահուն անհասանելի է, կարելի չէ տեղեկութիւն ճշդել: Սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, վնասները մեծ են, քանի որ քանի մը...

Page 772 of 795 1 … 771 772 773 … 795

Արխիւներ