Ոստիկանութիւնը Ցրուեց Ցոյցի Մասնակիցները Եւ Երթեւեկութեան Առջեւ Բացաւ Բաղրամեան Պողոտան
Լուսանկարները՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի Ոստիկաններ երէկ ցրուեցին ելեկտրական հոսանքի սակի բարձրացման դէմ բողոքող ցուցարարները Բաղրամեան պողոտային վրայ: Առաւօտեան ոստիկանութիւնը յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ կը «պատրաստուի վերաբանալու Բաղրամեան պողոտան եւ երթեւեկելի հատուածէն հեռացնելու շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր երթեւեկը խոչընդոտող առարկաները»: «Հակառակ այն հանգամանքին, որ ոստիկանութիւնը ապօրինի հաւաքի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն առաջարկած էր ինքնակամ վերացնել Բաղրամեան պողոտայի արգելակումը, այդ յորդորները վերջին քանի...


















