Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի Եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան Յանձնախումբի Ժողովը

June 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-29-15_khachig

«Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի Հայ դատի եւ պատմաքաղաքական հարցերու ուսումնասիրութիւններու հրատարակութեան յանձնախումբը իր պարբերական նիստը գումարեց շաբաթ, 27 յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ: Նիստին կը նախագահէր ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, եւ կը մասնակցէին յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ Շահան Գանտահարեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ դիւանապետ խաչիկ Տէտէեան:

Նիստը քննեց յանձնախումբին յղուած առաջարկները, ուսանողական աւարտաճառերու եւ աշխատասիրութիւններու համար յատկացուած մրցանքին համար ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները: Յանձնախումբը շեշտեց Հայ դատի իրաւական մարզին վերաբերող գիտաշխատութիւններ պատրաստելու եւ հրատարակելու անհրաժեշտութիւնը: Արաբերէնի,  անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի առընթեր հրատարակելի գիտաշխատութիւններուն պիտի ներառուին նաեւ Ցեղասպանութեան կապուած խնդիրներ արծարծող սպաներէնով հրատարակութիւններ եւս` նկատի ունենալով սպանախօս ժողովուրդներուն հասանելի դառնալու առաջադրանքը:

Նիստը որոշեց նաեւ թուայնացնել ցարդ հրատարակուած բոլոր հատորները եւ կաթողիկոսարանի ցանցին վրայ տեղադրել անոնց ամբողջական բովանդակութիւնը:

Յանձնախումբը հաստատեց նաեւ այս տարուան ընթացքին հրատարակելի ուսումնասիրութիւնները:

«Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամը կը շարունակէ ստանալ Հայ դատի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ  պատմաքաղաքական բնոյթի աւարտաճառեր, գիտաշխատութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ` հայերէն եւ օտարալեզու:

Նախորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2014-2015 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Հայրենի Հիւրեր «Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.