Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց` Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Հետ

Յունիս 30, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4100

Շաբաթ, 27 յունիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց Արժանթինի Սան Անտրեսի համալսարանի եւ Լանուսի պետական համալսարանի դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի հետ: Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին յատկացուած հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով հարաւային ամերիկեան բազմաթիւ երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման երեւոյթին մասին` Տէր Ղուկասեան նշեց, որ առաջին երկիրը, որ նման նախաձեռնութիւն առաւ Ուրուկուէյն էր` 1965-ին, որմէ ետք 1970-ական թուականներուն գոյութիւն ունի բաց մը` հարաւային ամերիկեան երկիրներուն մէջ զինուորական իշխանութիւններու հաստատման պատճառով, ապա 1980-ական թուականներու ժողովրդավարութեան վերականգնումով այդ հոլովոյթը կը շարունակուի մասնաւորաբար հոն,  ուր կազմակերպուած հայ համայնք կայ:

Տէր Ղուկասեան նշեց, որ գլխաւոր գործօնները կազմակերպուած համայնքներու հաւաքական աշխատանքն է, մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք, թրքական ազդեցութիւնը եւ 1980-ական թուականներէն ետք Ազրպէյճանի ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ գոյութիւնը հարաւամերիկեան արժէքային համակարգի մը, որուն մէջ ակներեւ` մարդկային իրաւանց նկատմամբ մասնաւոր զգայնութիւնը:

Անդրադառնալով Պրազիլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային ստեղծուած շփոթին` Տէր Ղուկասեան յայտնեց, որ ներկայացուած է դիմումը եւ այդ նոյն օրը անհասկնալի պատճառներով խօսուած է ճանաչման մասին, ինչ որ կրնար անբաղձալի հետեւանքներու առաջնորդել:

Ինչ կը վերաբերի Մեքսիքայի, ան ըսաւ, որ այդ երկրին մէջ գոյութիւն ունին շատ քիչ թիւով հայեր, սակայն անոնք շատ աշխուժ գործունէութիւն ունին: Այդտեղ մեծ աշխատանք տարած է Ազրպէյճանը, մեծ գումարներ ծախսած է եւ Ալիեւի արձանը կանգնեցուած: Այդտեղի սակաւաթիւ հայերը, շնորհիւ յառաջդիմական մտաւորականներու հետ իրենց յարաբերութեան, հակազդեցին, եւ Ալիեւի արձանը վերցուեցաւ:

Տէր Ղուկասեան նշեց, որ այսօր պարզ կը դառնայ, որ հիմնական ազդակը հայ ժողովուրդին կազմակերպուած ըլլալն է, սակայն մեծ պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ազդակը, որուն բացակայութեան պարագային ստեղծուած բացը պիտի լեցնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դիւանագիտութիւնները:

Խօսելով արժանթինցի պապի երեւոյթին մասին` ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապի յայտարարութիւնը այն պատճառներէն մէկն էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը այդքան արձագանգ գտաւ եւ առաջին ուժեղ հնչեղութիւն ունեցած կեցուածքն էր, սակայն այդ ամբողջ պատմութիւնը սկսած էր Պուէնոս Այրեսի մէջ, ուր ան կարտինալ էր եւ կը պատկանէր այն կրօնաւորներու շարքին, որոնք աւելի մօտ էին ժողովուրդին, քան` զինուորական իշխանութեանց: Այդ օրէն ի վեր ան ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան միշտ շեշտը կը դնէ ընկերային արդարութեան վրայ:

Տէր Ղուկասեան բացատրեց, որ ամէն ինչ սկսած է Արժանթինի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոսի հետ պապին ունեցած անձնական բարեկամութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջեկեղեցական արարողութիւններու ճամբով:

Ան նշեց, որ պապին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարելուն մէջ քիչ չէ եղած նաեւ դերը Վատիկանի մէջ Արժանթինի ներկայ դեսպանին, որ շատ մօտ է հայութեան: Տէր Ղուկասեան ընդգծեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին մէջ պէտք է տեսնել անկեղծ պաշտպան ու դաշնակից մը:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկային պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի 2014-2015 Կրթական Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?