
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ի Տէր հանգեաւ հինգշաբթի, 25 յունիս 2015-ին` սուգի մատնելով հայ կաթողիկէ համայնքը մասնաւորապէս եւ լիբանանահայ գաղութը ընդհանրապէս: Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 4:00-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ` պատրիարքական կառավարիչ Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի եւ մասնակցութեամբ արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, գերապայծառ, գերապատիւ հոգեւորական դասին եւ արժանապատիւ քահանաներուն:
Եկեղեցւոյ սգաբոյր շարականները թախիծով կը պարուրէին ներկաները, որոնք ներկայ էին երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին հրաժեշտ տալու ու յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու:
Մինչ հայ կաթողիկէ սկաուտներու շեփորախումբը իր սգոյ մեղեդիները կը հնչեցնէր, եկեղեցւոյ մուտքը եզերող սկաուտները պատուի եկած դիմաւորեցին երջանկայիշատակ կաթողիկոս պատրիարքին դագաղը, որ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ ձեռամբարձ ու շարականի թախծոտ երգեցողութեամբ մտաւ եկեղեցի ու զետեղուեցաւ խորան: Յուղարկաւորութեան ընթացքին շարականներու երգեցողութիւնը կատարեց «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պետական, քաղաքական, զինուորական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի: Ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ,
Լիբանանի հայ եւ օտար զանազան կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Թաղման կարգի հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Գրիգոր եպս. Կապրոյեան ընթերցեց դամբանականը: Ան ըսաւ, թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը սգայ իր հովուապետին` Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին անակնկալ ու տարաժամ մահը, որ ցնցեց հայ համայնքը: Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը կորսնցնէ ոչ միայն քաջարի առաջնորդ, այլ անձնուէր, օրինակելի հայ եւ հաւատարիմ ծառայ մը հայ եկեղեցիին: Գրիգոր եպս. Կապրոյեան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս 16 տարիներ առաջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունած էր ծանրակշիռ պարտականութիւնը իր ուսերուն վրայ եւ շնորհիւ իր հաստատուն հաւատքին, կուռ կամքին եւ աստուածային նախախնամութեան անյապաղ լծուած աշխատանքի ու մեծ սիրով առաջնորդած իր հօտը:
Գրիգոր եպս. Կապրոյեան նկատել տուաւ, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մեծ աշխատանք տարած է վերակազմելու համայնքային կառոյցները` մեծ կարեւորութիւն ընծայելով հոգեւոր եւ եկեղեցական յանձնախումբերու աշխատանքին:
Ան ներդաշնակ յարաբերութիւն մշակելու ջատագով եղած է բոլոր յարանուանութիւններուն հետ` միշտ ուշադրութեան կեդրոն ունենալով գերագոյն բարիքը իր ազգին:
Գերապայծառ Կապրոյեան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ հոգեւոր տիրոջ հովուական թուղթերուն, որոնցմէ ուշագրաւ էին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով հրապարակուածները:

Գերապայծառը նշեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին արժանիքները, թէ ինչպէ՛ս ան անվերապահ ջատագովն էր օրէնքներուն, խորապէս կառչած ու հաւատարիմ էր օրէնքի գործադրութեան: Շնորհիւ անոր խնդրանքին, Ֆրանչիսկոս քահանայապետը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով պատարագ մատուցեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Այս մէկը իր վերջին մխիթարութիւնը եղաւ, նախքան յաւիտենականութեան իր մուտքը, ըսաւ Կապրոյեան եւ աւարտեց խօսքը ըսելով. «Չենք վարանիր ըսելու, որ ան բարի հովիւ էր, հօտին ծառայեց մինչեւ իր վերջին շունչը առանց պահ մը լքելու իր հօտը: Անխոնջ աշխատեցաւ ու ապա խաղաղ յանձնեց իր հոգին: Երախտապարտ ենք, որ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին նման հովիւ ունեցաւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ան միշտ պաշտպանն էր Լիբանանի եւ հայութեան արդար դատին: Խաղաղ ննջէ, եղբա՛յր, խաղաղ ննջէ, բարի՛ հովիւ, սուրբերու արժանի դասին մէջ»:
Դամբանականը արաբերէնով կարդաց նաեւ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան:

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի կարդաց Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին ցաւակցագիրը, որ կ՛ըսէր.
«Մեծ կսկիծով ընդունեցի Քրիստոսի սիրելի մեր եղբօր փոխադրութիւնը երկնային տուն:
Ան արմատաւորուած էր Քրիստոսով եւ լաւապէս գիտէր, թէ հոգեւորականին նուիրած գանձը պէտք է ըլլայ հաւատքն ու աւետումը: Ան ինքզինք ամբողջովին նուիրեց իր համայնքի ծառայութեան` մեծ հաւատքով եւ նախանձախնդրութեամբ:
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հրճուած էր հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասին Գրիգոր Նարեկացին Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ հռչակելու քայլով, որովհետեւ կը փափաքէր, որ անոր լոյսը դառնայ բարի օրինակը բարի հովիւին որպէսզի իւրաքանչիւր ոք իրազեկ ըլլայ Աստուծոյ մեծութեան:
Տեսնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի վաստակը` կը խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ առաւել պայծառացնէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին»:
Խօսք առաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնելով Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին ըսաւ, թէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան Քրիստոսի կանչին ընդառաջած ու հաւատարիմ հետեւորդը եղած է, ապա բացայայտելով երջանկայիշատակ պատրիարքին յատկանիշները աւելցուց .«Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը ճանչցած ենք իբրեւ բծախնդիր աշխատող: 16 տարի ան բծախնդիր աշխատանքով ու եռանդուն ներկայութամբ գործօն մասնակցութիւն ունէր Արեւելքի պատրիարքական խորհուրդին: Լաւապէս կը ճանչնար եկեղեցական կանոնները:
Եղբայրական սիրով լեցուն էր: Հաւատարիմ ու բարեգութ: Պատասխանատուութեան եւ պարտականութեան հանդէպ բարձր գիտակցութիւն ունէր, հակառակ մարմնական բոլոր ցաւերուն: Մեզ իրեն կապողը իր եղբայրական մաքուր սէրն էր, որ կ՛արտայայտուէր իր խօսուն ժպիտով ու փափկանկատութամբ»:
Ան աւարտեց խօսքը ըսելով, որ մեծ վիշտով հրաժեշտ կու տանք պատրիարքին` բարեյոյս աղօթքով, որ միանայ առաքեալներու դասին:
Մինչ կը բաժնեկցինք Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ցաւը, միաժամանակ կ՛աղօթենք, որ Աստուած արժանաւոր առաջնորդ հովիւը ղրկէ եկեղեցիին Աստուծոյ փառքին համար, որուն է փառքը եւ օրհնութիւնը, յաւիտեանս:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ցաւակցագիրը կարդաց հայր Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան: Ցաւակցագիրը կ՛ըսէր, թէ լուսահոգի պատրիարքը հայ կաթողիկէ անդաստանին մէջ երկարամեայ ծառայութեան ընթացքին Աւետարանի քարոզչութեան ջանքեր ներդրած էր` ի սպասաւորութիւն իր հաւատաւոր հօտին: Պատրիարքը խոնարհ ու ծառայասէր անձ էր, իր հոգեւոր առաքելութեան բարձր գիտակցութեամբ: Ան իր գործունէութեան ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատէր Մայր հայրենիքի եւ սփիւռքի կապերու ամրապնդումը եւ համազգային ծրագիրներուն գործօն մասնակցութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցագիրը կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Նախագահ Սարգսեան իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէր հոգեւոր առաջնորդին եւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակի վախճանումին առիթով, ուր կ՛ըսէր. «Իբրեւ եռանդուն եւ հեղինակաւոր գործիչ տարիներ շարունակ ան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հոգեւոր-մշակութային կեանքի աշխուժացման, հայրենիք-սփիւռք կապերու խորացման ու սերտացման գործին մէջ»:
Ապա Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ հայր Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի փակման աղօթքով աւարտեցաւ թաղման կարգը:
Նշենք, որ թաղման կարգէն ետք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը ամփոփուեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ պատրիարքներու դամբարանին մէջ:


