Երէկ` կիրակի 28 յունիսին, Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան ուղիղ եթերով յայտարարած է, որ կիրակի օր ժամը 23:00-էն ետք ոստիկանութիւնը «պիտի փորձէ վերականգնել հասարակական կարգը» Բաղրամեան պողոտային մէջ, իսկ իրաւախախտները պիտի ենթարկուին պատասխանատուութեան:
Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի շաբաթ օրուան յայտարարութեան եւ ոստիկանութեան հետագայ գործողութիւններուն առնչութեամբ:
Պնդելով, որ 28 յունիսէն` ժամը 23:00-էն ետք Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ տեղի ունեցող ցոյցը անօրինական է, չկայ լիազօր մարմինէն համապատասխան թոյլտուութիւն եւ ոստիկանութիւնը պիտի դրսեւորէ հանդուրժողականութիւն, իսկ այն գործողութիւնները, որոնք եղած են ոստիկանութեան կողմէ, եղած են համաչափ եւ բխած օրէնքէն, ընդհուպ կիրարկուած ֆիզիքական ուժը, Երեւանի փոխոստիկանապետը, այնուհետեւ, շարունակեց. «Ինչ կը վերաբերի այն փաստին, որ ամբողջութեամբ անդամալուծած են Բաղրամեան պողոտան եւ աղբամաններ տեղադրած են այստեղ, որ նոյնպէս անընդունելի է` ոստիկանութիւնը թէ՛ բնակիչներէն, թէ՛ քաղաքացիներէն բողոքներ ստացած է եւ այստեղ նոյնպէս ոստիկանութիւնը հանդուրժողականութիւն կը դրսեւորէ»:
Օսիպեան պնդեց, որ ոստիկանութիւնը կրնայ հասարակական կարգը վերականգնել, սակայն չի ցանկար «աւելորդ լարուածութիւն» ստեղծել: Ան կարծիք յայտնեց, որ հաւաքի մասնակիցներուն մեծ մասը ունի «արդար պահանջներ», սակայն կան մարդիկ` «հասարակական կազմակերպութիւններ, անհատ քաղաքացիներ», որոնք այդ բոլորը կ՛օգտագործեն եւ նախագահին յայտարարութենէն ետք կը փորձեն «ուրիշ ուղիով տանիլ» ամէն ինչ:
Քննարկում` Նախագահ Սերժ Սարգսեանի
Առաջարկներուն
Ելեկտրականութեան հոսանքի սակի բարձրացման դէմ պայքարող ցուցարարները եւ անոնց աջակցող քաղաքացիները երէկ հաւաքուած էին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային մէջ, ուր ժամը 18:00-ին նախաձեռնութիւնը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկները` ելեկտրականութեան հոսանքի սակի վերաբերեալ:
Նախագահի առաջարկներուն «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը կը պատրաստուէր վերջնական պատասխան տալ երէկ երեկոյեան` համընդհանուր քննարկումներէ ետք: Սակայն տեղի ունեցաւ անսպասելին: Կազմակերպողներու շարքերուն մէջ յառաջացաւ պառակտում, որուն իբրեւ հետեւանք նախաձեռնութեան համակարգող խորհուրդէն խումբ մը ուղղուեցաւ դէպի օփերա, իսկ ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը մնաց Բաղրամեան պողոտային վրայ եւ որոշեց շարունակել պայքարը` մինչեւ ներկայացուած պահանջներու իրագործում, ինչ որ աւելի սրեց մթնոլորտը:
Ոստիկանութիւնը Կոչ Ուղղած Է Ծնողներուն,
Դեռահասներուն Եւ Երեխաներուն Թոյլ Չտալու
Մինակ Մասնակցիլ Հանրահաւաքին
Երէկ ոստիկանութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ «անօրինական» որակելով Բաղրամեան պողոտային մէջ շարունակուող հաւաքը, նշուած է. «Յատկապէս վերջին օրերուն հաւաքին աւելի ու աւելի յաճախ կը մասնակցին անչափահասներ: Դեռահասներուն հետաքրքրասիրութիւնն ու պատանեկան արկածախնդրութիւնը հասկնալի են, սակայն կարելի չէ անտեսել հաւանական վտանգները»:
Ոստիկանութիւնը Կը Սպառնայ
Ֆիզիքական Ուժ Կիրարկել
Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, դիմելով նստացոյցի դիմած ցուցարարներուն, յորդորեց անյապաղ դադրեցնել «անօրինական գործողութիւնները եւ լքել Բաղրամեան պողոտան»:
«Հակառակ պարագային ոստիկանութիւնը պիտի կիրարկէ ֆիզիքական ուժ», ըսաւ Օսիպեան եւ աւելցուց. «Ինչպէս կը տեսնենք բոլորս, ձեր մէջ կան սադրիչներ, որոնք կը դրդեն ձեզ անօրինական գործողութիւններ կատարելու: Ոստիկանութիւնը կը յորդորէ ձեզ դադրեցնել անօրինական գործողութիւնները»:
Ցուցարարները սուլոցներով արձագանգեցին անոր յայտարարութեան:
Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Մեծաքանակ
Ոստիկանական Ուժերու Կուտակում
Երէկ երեկոյեան Բաղրամեան պողոտային վրայ կուտակուած էին մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր:
Ինչպէս յայտարարած էին Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան եւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեան, իրաւապահները կը պատրաստուին ֆիզիքական ուժ գործադրել այն ցուցարարներուն նկատմամբ, որոնք չեն անսացած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներու կոչին եւ կը շարունակեն մնալ Բաղրամեան պողոտային վրայ:
Նոր նախաձեռնութեան անդամները բարձրախօսով կոչ ուղղած են մնալու ցոյցին վայրը: