Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարները 9-րդ Օրն Ըլլալով Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Կը Շարունակեն Պայքարը Ելեկտրական Հոսանքի Թանկացումին Դէմ

July 1, 2015
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-30-15_hats-1«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը երէկ  քննարկեց, թէ պէ՞տք է  ընդունիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպման առաջարկը, թէ՞ ոչ: Վերջին օրերուն առաջին անգամ ամբողջ կազմով հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին շարժումը պնդեց, որ  հանդիպման պայմանը կը մնայ ուժի մէջ:

«Այսօր եթէ ինք կրկին պիտի շարունակէ գործիչները  ուղղակի հրաւիրել հանդիպման, մենք հանդիպելու ոչինչ ունինք, մենք մեր պահանջը յստակ դրած ենք: Վերջապէս հասկնանք, եթէ հաշուեքննութիւն, ուրեմն մեր դերը ի՞նչ է այնտեղ, արդեօք այդ օրինականութիւնը ապահովելու համա՞ր է, թէ՞ իսկապէս տեսնենք խնդիրը եւ արծարծենք», ըսաւ «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամ Սոֆիա Յովսէփեան:

Նախաձեռնութեան անդամները անգամ մը եւս  պնդեցին, որ նախագահին առաջարկած լուծումը  զիրենք չի բաւարարեր, այսուհանդերձ, անընդհատ Բաղրամեան պողոտան փակ պահելով եւս հարցին լուծում չեն տեսներ: Կը շարունակեն պայքարիլ, եւ  եթէ հաշուեքննութեան արդիւնքները չգոհացնեն, կը խոստանան կրկին փողոց փակել:

«Կարծիքները շատ են, որ մենք բաւարարուած ենք Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեամբ: Չկայ այդպիսի բան: Աստուած չընէ իշխանութիւնները վերածեն նմանակումի, խաբեբայութիւն տեղի ունենայ, որովհետեւ արդէն ոչ միայն Բաղրամեան, այլ շատ հաւանական է, որ բազմաթիւ այլ փողոցներ երեք-չորս տեղէն փակենք», ըսաւ  նախաձեռնութեան անդամներէն մէկը:

Բաղրամեան պողոտայէն ցուցարարներու մէկ  մասը «Ազատութեան» հրապարակ տեղափոխելով` «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ, որ առայժմ կը հրաժարի նստացոյցէն. կը պայքարին նոր ռազմավարութեամբ, կը ձեւաւորուին աշխատանքային խումբեր, որոնք, հաւանական է` նախագահի առաջարկով մասնակցին հաշուեքննական աշխատանքներուն:

«Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան համակարգող խումբի անդամները կ՛ըլլան Բաղրամեան պողոտային վրայ, սակայն իբրեւ շարքային քաղաքացիներ: Այլեւս ամպիոնին վրայ չեն ըլլար, նախաձեռնութիւնը իրենց ձեռքը չեն առներ:

«Ո՛չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Անդամները`
Բաղրամեան Պողոտային Վրայ

Երէկ կէսօրին «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները վերադարձած են Բաղրամեան պողոտայ: Անոնք նշած են, որ չեն հեռացած, այլ պարբերաբար գացած են այդտեղ:

Նշենք, թէ 9-րդ օրն ըլլալով, Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող ցուցարարները շարունակեցին իրենց ցոյցերը եւ իրենց պայքարի յառաջիկայ հեռանկարներուն վերաբերեալ հանրային քննարկումներ կազմակերպած են:

Նստացոյցի Երկու Մասնակիցներ
Հացադուլ Յայտարարած Են

Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող նստացոյցի երկու մասնակիցներ` Յարութիւն Յարութիւնեան եւ Հայկ Պարիկեան որոշած են հացադուլ յայտարարել: Երիտասարդները նշեցին, որ հացադուլը պիտի շարունակուի մինչեւ իրենց պահանջի կատարումը` «հոսանքի թանկացման որոշումին չեղեալ նկատումը»:

Այս մասին անոնք տեղեկացուցած են նաեւ Երեւանի փոխոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանին:

Սահակեան Յորդորեց Պայքարը Տեղափոխել
Երկխօսութեան Դաշտ

Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամներուն յորդորեց «մնալ օրինականութեան սահմաններուն մէջ, բացառել իրավիճակի անկառավարելի ու անկանխատեսելի որեւէ զարգացում, պայքարը տեղափոխել աւելի արմատական` երկխօսութեան եւ գործակցութեան դաշտ»:

«Իրարու ընդառաջ քայլերը կը մեղմեն ընդհանուր անվստահութեան մթնոլորտը, իսկ միացեալ ուժերով լուծումներ փնտռելը երկրին առջեւ ծառացած ընկերային-տնտեսական եւ համակարգային խնդիրներուն` կ՛ապացուցեն «Մենք ենք տէրը մեր երկրին» կարգախօսին կենսունակութիւնն ու ճշմարտութիւնը», ըսաւ Գալուստ Սահակեան, ըստ որուն, քաղաքացիական հասարակութեան` իր իրաւունքներուն համար պայքարը ժողովրդավարութեան հաստատման եւ հանրութեան կողմէ իշխանութիւնը վերահսկելու արդիւնաւէտ մեքանիզմ է, եւ միայն հասարակութեան եւ պետական հիմնարկներու  երկխօսութեամբ եւ փոխազդեցութեամբ կարելի է հասնիլ առկայ խնդիրներու լուծման եւ պետականութեան հիմքերու ամրապնդման:

«Չափազանց վտանգաւոր են Հայաստանի քաղաքացիներու արժանապատիւ պայքարը, որոշ  խնդիր հետապնդող խաղաղ հաւաքները տարբեր ուժերու կողմէ իրենց` մեր ազգային-պետական շահերուն հակասող նպատակներուն ծառայեցնելու իւրաքանչիւր փորձ եւ սադրանք: Մայրաքաղաքի կեդրոնի ամէնէն բանուկ` Բաղրամեան պողոտան մնայուն կերպով փակելն ու անդամալուծելը չի կրնար պայքարի միակ միջոցը ըլլալ», յայտարարեց Գալուստ Սահակեան` երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը:

 

Նախորդը

«Շատ Կարեւոր Է, Որ Շարժումը Մնայ Իր Նախնական, Մաքուր Շնչառութեան Մէջ» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

«Քոփա Ամերիքա». Չիլիցի Խարա 3 Մրցումով Կախակայուեցաւ

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 25, 2026
Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 25, 2026
Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.